ՏԱՐԱԿԱՐԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԹՆՈԼՈՐՏ
Այսօր նախատեսուած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղար Իմանկալի Թասմակամպետովի Երեւան այցելութիւնը։ ԹԱՍՍ գործակալութեան հաղորդումներով, ան կ՚ընդունուի Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի կողմէ։ Ընդհանուր քարտուղարը նախարարին տեղեկութիւններ կը փոխանցէ՝ վերջերս Մինսքի մէջ կազմակերպուած ՀԱՊԿ-ի գագաթաժողովի արդիւնքներուն կապակցութեամբ։ Հարկ է նշել, որ Հայաստան չէր մասնակցած այդ գագաթաժողովին։ Ընդհանուր առմամբ, Հայաստան վերջին շրջանին լուրջ տարակարծութիւններ կ՚ապրի ՀԱՊԿ-ի հետ եւ սուր մեղադրանքներ ու քննադատութիւններ կը հասցէագրէ այս կառոյցին, նաեւ ձեռնպահ կը մնայ մասնակցելէ դաշնակիցներու հետ հաւաքներուն։
Թասմակամպետովի այցելութեան ընդառաջ, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա երէկ հերթական անգամ անդրադարձաւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն եւ Արեւմուտքի միջնորդութեան։ Ան ընդգծեց, որ Արեւմուտքի նպատակները կապ չունին Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կամ երկարատեւ տագնապի հետեւանքներու կարգաւորման հետ։ «Սա պարզապէս հակառուսական եւս մէկ քայլ է», համոզուած է Մարիա Զախարովա։ Արեւմուտքի բոլոր նման փորձերը, ռուս բանբերին բնորոշումով՝ ապակառուցողական են ու անհեռանկար։ Արեւմուտքի միջոցները կը ներառեն նաեւ կեղծիքներ։
Բանբերը երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ անդրադարձաւ նաեւ Մոսկուա-Թեհրան կապերուն, որոնք տարածաշրջանային առկայ հաւասարակշռութիւններու պայմաններով չափազանց նշանակութիւն ունին Երեւանի տեսակէտէ։ Այսպէս, Զախարովա յայտնեց, որ Ռուսաստան եւ Իրան աշխուժօրէն կ՚աշխատին ռազմավարական գործընկերութեան համաձայնագրի մը վրայ։ Համապատասխան խտացեալ աշխատանքները գրեթէ աւարտած են եւ մօտաւոր ապագային այդ փաստաթուղթը պիտի ըլլայ ստորագրուելու պատրաստ։