ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆԷՆ ՅՕԴՈՒԱԾ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Արմէն Սարգսեան հայ Երուսաղէմի դիմագրաւած առկայ հարցերուն շուրջ Իսրայէլի իշխանութիւններու նկատառման յանձնեց իր մօտեցումները։ Ան Իսրայէլի ղեկավարութեան յորդորեց՝ Սաղիմահայ համայնքը պաշտպանել բռնութիւններէն։
Իսրայէլի հեղինակաւոր «Հաարեց» թերթը լոյս ընծայեց նախկին նախագահ Արմէն Սարգսեանի յօդուածը։ Այս առթիւ Սարգսեան շեշտեց, որ Երուսաղէմի Հին քաղաքի հայկական թաղամասի ապագան սպառնալիքի տակ է։ Ակնարկելով «Կովերու պարտէզ» ազգապատկան կալուածի վիճայարոյց գործարքէն ծնունդ առած իրադարձութիւններուն՝ Արմէն Սարգսեան մատնանշած է, որ Երուսաղէմի մէջ կ՚ապրի հայկական սփիւռքի ամենահին համայնքը, իսկ կալուածի վէճին շուրջ պատահած բռնութիւնը կրնայ սպառնալ հայկական թաղամասի ապագային։
«Սաղիմահայ համայնքի անդամներուն դէմ վերջերս իրականացուած համակարգուած յարձակումները լուրջ մտահոգութիւններու տեղի կու տան», շեշտեց Արմէն Սարգսեան՝ պահանջելով Իսրայէլի իշխանութիւններու անյապաղ միջամտութիւնը։