ՁԳՈՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

Ներկայ տարեմուտի իրադարձութիւնները հերթական անգամ կ՚ապացուցեն Թուրքիոյ բարձր ձգողականութիւնը՝ միջազգային օրակարգի առկայ հրատապ հարցերուն շուրջ։ Անգարա առանցքային դիրք մը ունի զանազան ուղղութիւններով, ինչ որ կը բիւրեղանայ ամենաբարձր մակարդակի շփումներու խտացումով։

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան, որ շաբաթավերջին հիւրընկալեց Իտալիոյ վարչապետ Ճիորճիա Մելոնին, կը պատրաստուի ընդունիլ նաեւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը։

Ըստ Անգարայէն հաղորդուած լուրերուն, Իպրահիմ Ռայիսիի այցելութիւնը նախատեսուած է ներկայ շաբթուան մէջ, իսկ Վլատիմիր Փութինինը՝ յաջորդ ամիս։ Հարկ է յիշեցնել, որ Ռայիսիի այցելութիւնը աւելի առաջ երկու անգամ յետաձգուած էր։ Այժմ, Էրտողան կը պատրաստուի Անգարայի մէջ հիւրընկալել Ռայիսին, որուն հետ պիտի գլխաւորէ Թուրքիա-Իրան բարձր մակարդակի համագործակցութեան խորհուրդի 8-րդ ժողովը։ Անոնք առաջնահերթօրէն պիտի շօշափեն Կազզէի պատերազմին ընթացքը, պիտի արժեւորեն տարածաշրջանի իրադրութիւնը, նաեւ իրենց ներկայութեամբ՝ երկու երկիրներու համագործակցութեան ամրապնդման ուղղեալ 10 նոր համաձայնագիր պիտի ստորագրուի։

Վլատիմիր Փութինի այցելութիւնն ալ նախատեսուած է փետրուարի 12-ին։ Էրտողան միջազգային հրատապ օրակարգի բոլոր նիւթերուն պիտի անդրադառնայ իր ռուս պաշտօնակցին հետ։ Անշուշտ, Սեւ ծովու միջոցաւ հացահատիկի գործարքն ալ պիտի զբաղեցնէ երկու ղեկավարներու բանակցութիւններուն օրակարգը։

Երկուշաբթի, Յունուար 22, 2024