ՇԱՐՈՒՆԱԿԱԿԱՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Ֆրանսա կրկնեց Հայաստանի ի նպաստ շարունակական աջակցութիւնը՝ երկրի նոր նախարարաց խորհուրդի ձեւաւորումէն վերջ։ Վարչապետ Կապրիէլ Աթալի գլխաւորած կառավարութեան նորանշանակ արտաքին գործոց նախարարը՝ Սթեֆան Սեժուրնէ շաբաթավերջին ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ գրառումով մը։ «Ֆրանսա կ՚ապահովէ շարունակական աջակցութիւնը Հայաստանին», նշեց ան եւ աւելցուց, որ պէտք է որոնել արդար եւ տեւական խաղաղութիւն՝ հիմնուած օրէնքի ու տարածքային ամբողջականութեան վրայ։ Սեժուրնէ անդրադարձաւ նաեւ բնակչութեան արժանապատիւ կեանքի իրաւունքի ապահովման, յարգելով անոնց յիշողութիւնը, պատմութիւնն ու մշակոյթը։

Միւս կողմէ, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնն ալ երկրի բանակին ուղղեալ տարեկան աւանդական պատգամին մէջ նոյնպէս անդրադարձաւ Հայաստանին։ Մաքրոն զինեալ ուժերու նկատառման յանձնեց, որ ֆրանսական պետութեան ուշադրութեան կեդրոնին կը գտնուի Հայաստանը։

Երկուշաբթի, Յունուար 22, 2024