ՖԻՏԱՆ-ՊԼԻՆՔԸՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ Հարաւային Կովկասի իրադարձութիւնները անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձնել եւ այս ամբողջին մէջ կիզակէտին վրայ կը պահէ Երեւան-Պաքու առանցքի իրադարձութիւնները։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութիւնը տեղեկացուց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ընդամէնը քանի մը չլուծուած հարց մնացած է։ Պետական քարտուղարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր յիշեցուց, որ անցեալ շաբաթավերջին պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն Միւնիխի մէջ հանդիպումներ ունեցած էր երկու երկիրներու ղեկավարներուն հետ։ Բանբերին խօսքով՝ Պլինքըն կը շարունակէ հաւատալ, թէ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութիւնը հասանելի է։ Ան համապատասխան հարցերը քննարկած է երկու երկիրներու ղեկավարներուն հետ՝ զանոնք խրախուսելով միասնական աշխատանքի, որպէսզի ի վերջոյ լուծեն ընդամէնը քանի մը հատ այն հարցերը, որոնք տակաւին չեն լուծուած։ «Մենք կը շարունակենք խրախուսել խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրումը ու կ՚առաջարկենք ԱՄՆ-ի աջակցութիւնը, օգնութիւնը համաձայնութեան հասնելու համար», ըսաւ Միլըր։

Միւս կողմէ, այս հարցը միշտ արդիական է նաեւ Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ։ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Էնթընի Պլինքընի հետ Ռիօ տէ Ժանէյրոյի մէջ ունեցած հանդիպման ժամանակ շօշափեց Հայաստան-Ատրպէյճան հաշտութեան բանակցութիւններուն ընթացքը։ Անոնք կը մասնակցէին՝ Պրազիլի տանտիրութեամբ կազմակերպուած Մեծն քսանեակի (G20) երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին։ Ֆիտան եւ Պլինքըն աչքէ անցուցին տարածաշրջանի իրադարձութիւնները։

Հինգշաբթի, Փետրուար 22, 2024