ԱՆԿԱՐՈՂ ԱՂՈՒԷՍԸ
Օր մը մարդ մը անտառին մէջ տեսաւ աղուէս մը, որ թաթեր եւ ոտքեր չունէր: Ան հետաքրքրուեցաւ, թէ ինչպէս աղուէսը սնունդ կը հայթայթէր եւ իր գոյութիւնը կը պահպանէր: Յանկարծ ան տեսաւ առիւծ մը, որուն ժանիքներուն մէջ թռչուն մը կար: Վագրը խժռեց թռչունը, որուն մէկ մասն ալ թողեց աղուէսին՝ ուտելու:
Յաջորդ օրը Աստուած կրկին վագրի միջոցով կերակուր ուղարկեց աղուէսին: Մարդը մտորեց Աստուծոյ գթասրտութեան մասին եւ որոշեց. «Ես ալ կը պառկիմ անկիւն մը եւ կը սպասեմ՝ յոյսս դնելով Աստուծոյ գթասրտութեան վրայ»:
Ամբողջ ամիս մը ան պառկեցաւ անկիւն մը եւ արդէն գրեթէ մահամերձ էր, երբ յանկարծ ձայն մը լսեց. «Ով մարդ, դուն բռներ ես սխալներու եւ մոլորութիւններու ուղին. բաց աչքերդ եւ ճանչցիր ճշմարտութիւնը: Հետեւէ վագրի, այլ ոչ թէ աղուէսի օրինակին»:
ԾՈՒԼՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
- «Ծուլութիւնը մտքի ու մարմնի ժանգն է»:
ՊԵՆԺԱՄԻՆ ՖՐԱՆՔԼԻՆ
- «Ծուլութիւնը աննկատելիօրէն կը կրծէ ու կը քայքայէ մեր ձգտումներն ու արժանիքները»:
ՖՐԱՆՍՈՒԱ ՏԸ ԼԱՐՈՇՖՈՒՔՕ