ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ
Փարիզի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ գիտաժողով մը, որ կազմակերպուած էր՝ «Հայկական սփիւռք(ներ)ը շարժման մէջ. տարածքներ, դերակատարներ եւ զանազան կիրարկումներ 21-րդ դարուն» խորագրին ներքեւ։ Փարիզեան արուարձաններէն Օպերվիլիէի մէջ, «Campus Condorcet»ի Մարդկային եւ ընկերային գիտութիւններու հետազօտութեան կեդրոնի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս ձեռնարկը, որ համախմբեց շուրջ երեսուն համալսարաններէ հեղինակաւոր մասնագէտներ։ «Նոր Յառաջ»ի հաղորդումներով, կազմակերպիչներն էին Պորիս Աճէմեան, Անուշ Տէր-Սարգիսեան, Ալէն Նաւարա տը Պորժիա-Նաւասարդեան եւ Իան Սքիոլտօ-Զիւրշեր։ Գիտաժողովի կազմակերպման ուղղութեամբ լուրջ ներդրում ունեցած էին նաեւ Դալար Շահինեան, Վահէ Սահակեան, Ալեքսանտր Գէորգեան, Խաչիկ Թէօլէօլեան եւ Սիմոն Փայասլեան։
Երկօրեայ աշխատանքը ձեւով մը շարունակութիւնն էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայկական ուսումնասիրութիւններու ընկերակցութեան կողմէ 2019 թուականին կազմակերպուած՝ «Սփիւռքը՝ պետականազուրկ ուժ» գիտաժողովին, որ ձօնուած էր Խաչիկ Թէօլէօլեանին ի պատիւ։
Փարիզի գիտաժողովի «Պատկանելիութեան հարցը՝ փոփոխուող սփիւռք(ներ)ու մէջ» խորագրեալ նիստի ատենախօսներու շարքին էր «Քոչ» համալսարանէն Իրինա Գրիգորեան։ Ընդհանուր առմամբ վեց գիտական նիստերու ձեւաչափին մէջ նիւթը քննարկուեցաւ հանգամանօրէն, բազում երեսակներով։ Այդ վեց նիստերէն վերջ տեղի ունեցաւ նաեւ կլոր սեղան մը, որուն յաջորդեց եզրափակիչ փուլը։
Շատ հետաքրքրական այս աշխատանքին տեւողութեան առանձնայատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձան փրոֆ. Խաչիկ Թէօլէօլեանի խորհրդածութիւնները, քանի ան տասնամեակներէ ի վեր սփիւռքագիտութեան վրայ կը կեդրոնանայ եւ այս ոլորտին մէջ հեղինակութիւն կը համարուի։ Ան մասնաւորապէս մատնանշեց այն երեւոյթները, որոնք սփիւռքագիտութեան ասպարէզին մէջ անդրազգայնականութիւնը կը հիմնաւորեն։ Թէօլէօլեան խօսեցաւ պետականազուրկ հաւաքականութիւններու ընդհանրայնացման, համաշխարհայնացման, աշխարհակարգի նոր ընկալումներու, որոնց մէջ ապագային մեծ դերակատարութիւն պիտի ունենայ թուային աշխարհը։ Գիտաժողովի եզրափակիչ խորհրդածութիւններուն ընթացքին Խաչիկ Թէօլէօլեան կանգ առաւ երեք կարեւոր եզրայանգումի վրայ.
1- Միշտ սփիւռք(ներ)ը հետզհետէ առաւել պիտի զարգանան եւ տեւական իրողութիւն մը պիտի դառնան,
2- Բոլոր ազգերը կ՚ունենան իրենց սփիւռք(ներ)ը, ինչ որ անդառնալի երեւոյթ մըն է՝ մա՛նաւանդ, որ թուայնացած աշխարհը կ՚օգնէ նման սփիւռք(ներ)ու զարգացումին,
3- Սփիւռք(ներ)ը՝ իբրեւ ուժ, իրենց ծննդավայրի պետութիւններուն հետ տնտեսական յարաբերութիւններ զարգացնող եւ նոր մշակոյթներ ձեւաւորող խմբաւորումներ են։