ՊԵՏԱԿԱՆ ՔԱՐՈԶՉՈՒԹԵԱՆ ԵՐԿՈՒ ՍՈՒՏԵՐԸ
Ինձ համար ակնյայտ է, որ մարդոց խաբելու «արուեստի» առումով՝ Հայաստանի այսօրուան իշխանութիւնները իսկապէս անգերազանցելի են: Պաշտօնական սուտը կ՚իյնայ պարարտ հողի վրայ եւ կը տարածուի վիրիւսի արագութեամբ: Անդրադառնամ երկու այդպիսի պնդումներուն:
1- Լեւոն Տէր-Պետրոսեանն ու իր կողմնակիցները կ՚ըսեն, որ հինգ (կամ եօթ) շրջանները պէտք էր յանձնել, որպէսզի պատերազմ չըլլայ: Տէ հիմա, Փաշինեանն ալ կ՚ըսէ՝ Տաւուշի տարածքները տանք, որ խուսափինք պատերազմէն: Այսպիսով՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահներու՝ այսինքն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Ռուսաստանի միջնորդութեամբ բանակցուած առաջարկները ընդունիլը անոնք կշիռքի նոյն նժարին կը դնեն առանց որեւէ երաշխիքի եւ փոխհատուցման, միակողմանիօրէն տարածքներ յանձնելու հետ:
Այդ Փաշինեանն էր, որ 2018-20 թուականներուն գրողի ծոցը ուղարկեց նոյն միջնորդները, գաւառական ինքնավստահութեամբ յայտարարեց, որ բանակցութիւնները կը սկսի սեփական՝ զերոյական կէտէն եւ որպէս հետեւանք՝ ստացաւ պատերազմ: Ի դէպ, երբ արտաքին գործոց նախարար Միրզոյեան կը պնդէ, որ բոլոր բանակցութիւնները տարածք զիջելու մասին էին, ան կ՚ըսէ ճշմարտութեան ուղիղ կէսը: Բանակցութիւններու առարկան տարածքներ զիջելն էր՝ Արցախի որոշակի կարգավիճակի դիմաց:
2- ՆԱԹՕ-ն մեզի կ՚աջակցի, անհանգստանալու կարիք չկայ:
ՆԱԹՕ-ն մեզի իսկապէս կ՚աջակցի եւ սա կ՚ընէր նաեւ 2018 թուականէն առաջ: Այդ համագործակցութիւնը, անշուշտ, պէտք է զարգացնել: Բայց, երբ իշխանաւորներն ու անոնց քարոզիչները կ՚ըսեն, որ ՆԱԹՕ-ն պիտի ապահովէ մեր անվտանգութիւնը, անոնք պարզապէս կը ստեն: Ցանկացողներուն խորհուրդ կու տամ ծանօթանալ ամերիկեան «RAND corporation» հեղինակաւոր միջազգային վերլուծական կեդրոնի յօդուածին եւ աւելի վերջ, կը կարծեմ՝ պարզ կը դառնայ, թէ ի՛նչ կը հասկնան ամերիկացիները՝ աջակցութիւն ըսելով: Զեկոյցէն կարելի է միանշանակ հետեւութիւն ընել, որ ԱՄՆ-ը, ՆԱԹՕ-ն եւ Արեւմուտքը ընդհանրապէս, ցաւօք, չեն կրնար եւ չեն ուզեր ապահովել Հայաստանի անվտանգութիւնը: Պատճառը, բնականաբար, մեր նկատմամբ հակակրանքը չէ: Պարզապէս մեր տարածաշրջանը, այս առումով, անոնց շահերու շրջանակներէն դուրս է:
Ի հարկէ, կարելի է նաեւ ենթադրել, որ «RAND corporation»ի փորձագէտները «ռուսաստրուկ» են:
Այդ ենթադրութիւնը միանգամայն կը տեղաւորուի Փաշինեանի քարոզչութեան եւ ընտրազանգուածի մակարդակի շրջանակներէն ներս:
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի