ՊՐԻՒՔՍԷԼԻ ՄԷՋ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎ
Պրիւքսէլի Միջուկային ուժանիւթի անդրանիկ գագաթաժողովը երէկ մէկտեղեց միջազգային բազմաթիւ յառաջատար երկիրներու ղեկավարները։ Այս գագաթաժողովին մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։ Թուրքիան ներկայացուց արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը, իսկ Ատրպէյճանը՝ արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը։
Պրիւքսէլի գագաթաժողովը առիթ դարձաւ նաեւ բազմաթիւ երկկողմանի հանդիպումներու։ Այսպէս, Հաքան Ֆիտան եւ Ճէյհուն Պայրամով քննարկեցին Հարաւային Կովկասի առկայ իրադրութիւնը՝ ներառեալ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու ներկայ վիճակը։
Նիկոլ Փաշինեան Պրիւքսէլի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի, Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի, Պելժիոյ վարչապետ Ալեքսանտր տը Քրուի, Շուէտի վարչապետ Ուլֆ Քրոստերսոնի, Ֆինլանտիոյ վարչապետ Փեթեր Օրփոյի եւ այլ երկիրներէ պաշտօնատարներու հետ։ Երկկողմանի զրոյցներու ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ քայլերը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան զրուցակիցներուն ներկայացուց նաեւ՝ Հայաստանի կառավարութեան «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը։
Էմմանիւէլ Մաքրոն Պրիւքսէլի գագաթաժողովին ընթացքին ունեցած ելոյթին ժամանակ խօսեցաւ Եւրոմիութեան, Կովկասի եւ Պալքաններու ուժանիւթակիրներու միացման հեռանկարին մասին։
Իր կարգին, Ֆրանսայի վարչապետ Կապրիէլ Աթալն ալ երէկ Ատրպէյճանին կոչ ուղղեց, որպէսզի իր զօրքերը դուրս բերէ Հայաստանի բռնագրաւեալ տարածքներէն։ Պաքուի ղեկավարութիւնը անմիջապէս արձագանգեց այս յայտարարութեան՝ բողոքելով Ֆրանսայի վարչապետին դէմ։