ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ՆՈՐ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐ

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ճա­կա­տին վրայ բա­խում­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ կա­տա­րուած հրա­դա­դա­րի խախ­տում­նե­րուն բե­րու­մով։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ-Ատր­պէյ­ճան հա­կա­մարտ զօր­քե­րու շփման գծի հիւ­սիս-ա­րե­ւե­լեան ուղ­ղու­թեամբ նա­խորդ գի­շեր (Ապ­րի­լի 20-21) ժա­մը 05.15-ի սահ­ման­նե­րուն՝ պա­տա­հե­ցան բա­խում­ներ։ Ատր­պէյ­ճա­նի զօր­քե­րը ձեռ­նար­կե­ցին հե­տա­խու­զա­կան ներ­թա­փանց­ման հեր­թա­կան յար­ձակ­ման։ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ փո­խան­ցուած ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րով, պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի յա­ռա­ջա­պահ ու­ժե­րը ճիշդ ժամ­կէ­տով անդ­րա­դար­ձան Ատր­պէյ­ճա­նի զօր­քե­րու յա­ռաջ­խա­ղաց­ման ու շարժ­ման ան­ցան ան­մի­ջա­պէս։ Տե­ղի ու­նե­ցաւ մեր­ձա­մարտ մը, որ տե­ւեց շուրջ 15 վայր­կեան։ Ա­զէ­րի զօր­քե­րը դէ­պքի վայ­րին վրայ թո­ղու­ցին ա­րեան բազ­մա­թիւ հետ­քեր, նռնա­կի մա­սեր, զա­նա­զան սար­քա­ւո­րում­ներ, զէն­քեր, կա­պի մի­ջոց­ներ, բժշկա­կան ա­սեղ­ներ ե­ւայլն։ Դէպ­քէն վերջ ա­նոնք վե­րա­դար­ձան ի­րենց ել­ման դիր­քե­րը։

Վե­րո­յի­շեալ աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, հայ­կա­կան դիր­քա­պահ ու­ժե­րը կո­րուստ­ներ չեն տուած, իսկ ա­զէ­րի կող­մը ու­նե­ցած է առ­նուազն մէկ զոհ եւ վի­րա­ւոր­ներ։

Միւս կող­մէ, Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ վար­չա­կան խորհր­դակ­ցու­թիւն մը։ Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէյ­րան Օ­հա­նեան յայտ­նեց, որ հայ­կա­կան զօր­քե­րու հրա­մա­նա­տա­րա­կան կազ­մի խնդիրն է յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն զգօ­նու­թեամբ հե­տե­ւիլ Ատր­պէյ­ճա­նի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 22, 2015