ՄԵՏԱՍԱՆԵՐՈՐԴ ՊԱՀԸ
Եւ արդէն մետասաներորդ պահն է։ 24 Ապրիլ 2015 թուականին ընդառաջ թէ՛ Թուրքիա եւ թէ Հայաստան այլեւս կը պատրաստուին կեանքի կոչել իրենց միջոցառումներուն ծրագիրը։ Միջազգային շրջանակներն ալ կը շարունակեն յայտարարութիւններով հանդէս գալ հայկական հարցին շուրջ։ Աւստրիոյ խորհրդարանը երէկ ընդունեց հայանպաստ որոշում մը։ Գերմանիոյ ղեկավարութիւնն ալ վերջին օրերուն իրերայաջորդ ազդանշաններ կու տայ, թէ հակուած է 1915-ի դէպքերը որակելու որպէս ցեղասպանութիւն։ Այս բոլորը բնականաբար Անգարայի ուշադրութենէն չեն սպրդիր, սակայն երէկ Ուաշինկթընէն հասած լուրերը արդէն բաւական լիցքաթափեցին թրքական կողմը։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու տեսակցեցաւ իր ամերիկացի պաշտօնակցին՝ Ճոն Քերիի հետ։ Սպիտակ տան աղբիւրները աւելի վերջ տեղեկացուցին, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամա այս տարուան Ապրիլի 24-ի յայտարարութեան մէջ եւս պիտի չօգտագործէ ցեղասպանութեան եզրոյթը։ Այս երեւոյթը թրքական կողմին տեսակէտէ դրական է՝ միջազգային հաւասարակշռութիւններուն մէջ դիրքեր չզիջելու առումով։ Միեւնոյն ժամանակ Սպիտակ տան աղբիւրները հաղորդեցին, թէ Ապրիլի 24-ի Երեւանի ոգեկոչումներուն մասնակցելիք ամերիկեան պատուիրակութեան գլուխը պիտի գտնուի Ելմտական նախարար Ճէյքըփ Լիւ։
Թէ՛ Անգարայի եւ թէ Երեւանի ղեկավարութիւնները արդէն հրապարակած են իրենց նախատեսած միջոցառումներուն մասնակցելիք միջազգային հիւրերուն ցուցակը։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, այս Ուրբաթ Գումգաբուի Մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուելիք Ս. Պատարագին ալ նախարարի մը մասնակցութիւն բերելը հաւանական է։ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի իշխանութիւնները այլեւս աստիճանաբար կը կեդրոնանան ներկայ օրերուն համար նախատեսուած ծրագրերու գործադրութեան վրայ՝ յաչս երրորդ կողմերու աշխատանքները մասամբ ընդհատելով։ Վաղը Իսթանպուլի մէջ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի տանտիրութեամբ տեղի պիտի ունենայ Խաղաղութեան գագաթաժողով մը, իսկ օր մը վերջ՝ միջազգային այս հաւաքոյթին մասնակիցները ոգեկոչման արարողութեան պիտի մասնակցին Չանաքքալէի մէջ։
Իսթանպուլի մէջ եւս այս տարի դարձեալ նախատեսուած են ոգեկոչման արարողութիւններ։ Այս շրջագծով, այսօր երեկոյեան համերգ մը տեղի կ՚ունենայ Հարպիէի համագումարներու կեդրոնին մէջ։ «Քալան» երաժշտական հաստատութեան եւ «Անատոլու քիւլթիւր» ընկերութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած է այս ձեռնարկը, որ ձօնուած է 1915 թուականին դէպի մահ ուղարկուած հայ մտաւորականներու յիշատակին։ Հայ, թուրք եւ օտար արուեստագէտներ հանդէս կու գան այս ձեռնարկին ընթացքին։ Բաց աստի, վաղուընէ սկսեալ տեղի պիտի ունենան վերջին տարիներուն կազմակերպուած ձեւաչափին մէջ ոգեկոչման արարողութիւններ։ «DurDe!»ի, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Եւրոպայի մասնաճիւղի եւ Եւրոպայի հակացեղապաշտական շարժման (EGAM) համատեղ նախաձեռնութեամբ պատրաստուած է այս ծրագիրը։
Երեւանի մէջ ալ երէկ սկսան ոգեկոչման ծրագրին գլխաւոր հանգրուանները։ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի մասնակցութեամբ կատարուեցաւ Ծիծեռնակաբերդի թանգարան-կաճառի վերանորոգեալ եւ ընդարձակեալ համալիրին պաշտօնական բացումը։ Իսկ այս առաւօտ, «Կարէն Տէմիրճեան» մարզահամերգային համալիրին մէջ սկսաւ «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» հասարակական-քաղաքական կլոպալ համաժողովը։ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի առընթեր բացման փուլին ելոյթներ ունեցան Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը եւ Եւրոխորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպիոն Եակլանտ։ Համաժողովին ընթացքին Թորպիոն Եակլանտ ըսաւ, թէ Հայաստան պետութիւն մըն է, որ յոյս կը ներշնչէ։ «Ձեր տառապանքը կրցած էք վերածել ուժի», ըսաւ ան։ Նախագահ Սերժ Սարգսեանն ալ իր ելոյթին մէջ ընդգծեց, թէ դէպի յիշողութիւն տանող ուղին ժխտողական կեցուածքը չէ, այլ գիտակցուած յիշողութիւնը։ Իր կարգին, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսն ալ ըսաւ. «Ցեղասպանութեան ժխտումը կը խարխլէ միջազգային իրաւունքի եւ համընդհանուր բարոյականութեան հիմքերը»։
Երկօրեայ այս ֆորումին առընթեր յառաջիկայ օրերուն հայկական կողմի նախատեսած ծրագիրը պիտի շարունակուի նոր հանգրուաններով։ Վաղը երեկոյեան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նախատեսուած է պատմական արարողութիւն մը, որու ընթացքին պիտի սրբադասուին նահատակները։ Իսկ Ապրիլի 24-ին Հայաստանի պետական աւագանին Ծիծեռնակաբերդ պիտի այցելէ միջազգային ընտանիքի ներկայացուցիչներուն հետ։