ԼԱՒՐՈՎ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Պաշտօնական այցով երէկ երեկոյեան Երեւան ժամանած Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով այսօր կը հիւրընկալուի Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանին հետ Սէրկէյ Լաւրով այս առաւօտ այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը։ Աւելի վերջ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ Եդուարդ Նալպանտեան եւ Սէրկէյ Լաւրով ունեցան հանդիպում մը։ Ռուս նախարարը օրուան տեւողութեան կը հիւրընկալուի նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։ Երեւանի շփումները աւարտելէ վերջ Պաքու պիտի ուղեւորուի Սէրկէյ Լաւրով, որու այցելութեան ընթացքին բանակցութիւններուն ժամանակ առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ կու գան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերջին իրադարձութիւնները։