ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի հրաւէրին ընդառաջ՝ Վրաստանի Նախագահ Կէորկի Մարկվելաշվիլի պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Փարիզ։ Էլիզէի պալատին մէջ Ֆրանսուա Օլանտ երէկ հիւրընկալեց իր վրացի պաշտօնակիցը, որու հետ քննարկեց Կովկասի առկայ տարածքաշրջանային իրավիճակը։ Շօշափուեցան նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ միջազգային օրակարգին վերաբերեալ հարցեր։ Էլիզէի պաշտօնական աղբիւրները ընդգծեցին, որ բանակցութիւններու հիմնական նիւթերէն մին եղած է Փարիզի եւ Թիֆլիզի միջեւ տնտեսական համագործակցութիւնը։ Երկու նախագահները մասնաւորապէս կանգ առած են Հարաւային Կովկասի մէջ ստեղծուած իրավիճակին վրայ։ Ֆրանսական կողմը ընդգծած է, որ կը պաշտպանէ Վրաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը։