ՆՊԱՏԱԿԱՍԼԱՑ ԸՆԹԱՑՔ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան այսօր պաշտօնական այցելութեամբ կ՚այցելէ Իրաք։ Շուրջ 12 տարուան ընդհատումէ մը վերջ ան կ՚ուղեւորուի այդ երկիրը, ինչ որ պատմական բնոյթ կը վերագրէ իր շփումներուն։
Անգարայի ղեկավարութիւնը այս շրջանին խտացեալ ձեւով գործունէութիւն կը ծաւալէ Մերձաւոր Արեւելքի ուղղութեամբ։ Էրտողանի այսօրուան ուղեւորութեան ընդառաջ Թուրքիա շաբաթավերջին ալ երկու կարեւոր հիւրեր ընդունեց՝ տարածաշրջանային ծանրակշիռ դերակատարութեան առումով։ Այսպէս, «Համաս»ի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Իսմայիլ Հանիյէ եւ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սեմիհ Շիւքրի ընդունուեցան նախագահ Էրտողանի կողմէ։
Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցան հանդիպումները, որոնց ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Կազզէի պատերազմին Պաղեստինի հարցի լուծման հեռանկարներուն, Իսրայէլ-Իրան լարուածութեան։ Թրքական կողմը շեշտեց, որ տարածաշրջանէն ներս մշտական խաղաղութեան հաստատման ճանապարհին կենսական նշանակութիւն կը ներկայացնէ՝ բոլորին կողմէ ռազմավարական մտքով առաջնորդումը։
Սեմիհ Շիւքրիի հետ զրուցելու ընթացքին նախագահ Էրտողանի կողքին էին արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան, ՄԻԹ-ի խորհրդական Իպրահիմ Քալըն եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։
Միջազգային մամուլը լայնօրէն արձագանգ հանդիսացաւ նաեւ Էրտողան-Հանիյէ հանդիպման, որ շուրջ երկուքուկէս ժամ տեւեց։ Նախագահը այս առթիւ ներքին միասնութեան ամրապնդման կոչ ուղղեց Պաղեստինին։ Էրտողան համոզուած է, թէ առկայ խնդիրներուն Իրանի վերաբերեալ ծալքերը պէտք չէ առիթ դառնան՝ Իսրայէլի Կազզէի մէջ գետին շահելուն։ Արեւմտեան լրատուամիջոցները շեշտեցին, որ Էրտողան հերթական անգամ կոչ ուղղած է հրադադարի եւ մարդասիրական հրատապ օժանդակութեան համար։