ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆԸ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին մեկնաբանեց Ատրպէյճանի հետ սահմանազատման ուղղութեամբ ձեռք բերուած վերջին համաձայնութիւնները, որոնք իր առաջնահերթութիւններու լոյսին տակ բացատրելով ըսաւ. «Շատ կարեւոր է արձանագրել, որ, ըստ էութեան, առաջին անգամ Հայաստան եւ Ատրպէյճան սեղանի շուրջ հարց մը լուծած են»։ Ան համոզուած է, թէ սահմանազատման վերաբերեալ այս վերջին պայմանաւորուածութիւնները էականօրէն պիտի նուազեցնեն անվտանգային ռիսքերը՝ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի ողջ երկայնքով։ Ներկայիս երկու երկիրներու սահմանապահ ծառայութիւններու ղեկավարները կապի մէջ են ու պէտք է պայմանաւորուին, թէ սահմանազատումէն վերջ ծառայութիւնը ինչպէս պիտի իրականացնեն։

Ըստ Նիկոլ Փաշինեանի, սոյն պայմանաւորուածութեան իրականացումը Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը աստիճանով մը պիտի բարձրացնէ բոլոր առումներով։ «Հայաստանի միջազգային հեղինակութեան, տարածաշրջանային հեղինակութեան բարձրացման առումով, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն մէջ եւս շատ բան պիտի փոխուի։ Ակնյայտօրէն կան ուժեր, որոնք չեն ուզեր, թէ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը զարգանայ։ Անոնք կ՚ուզեն, որ Հայաստանի ինքնութիւնը կամ պետականութիւնը զարգանայ ծայրամասային տրամաբանութեամբ եւ ամէն ինչ պիտի ընեն, որպէսզի Հայաստան հնարաւորութիւն չունենայ իր ինքնիշխան որոշումը իրականացնելու», ըսաւ Փաշինեան՝ խօսելով նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ տեղակայուած ռուս զինուորականներու հեռացման հեռանկարին մասին։

Վարչապետը Երեւանի իշխանութեան որդեգրած խաղաղութեան օրակարգին տեսակէտէ վերջին հինգ ամիսներու երկու կարեւոր իրադարձութիւնը համարեց՝ նախ երեսուներկու գերիներու ազատ արձակումը, իսկ յետոյ սահմանազատման շուրջ համաձայնութիւնը։ Ան համոզուած է, թէ այս վերջին պայմանաւորուածութիւնը Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ շատ կարեւոր աքթ մըն է եւ այդ մէկուն քաղաքական նշանակութիւնը պէտք է գնահատել։

«Մեր պետականութիւնը գոյաբանական լրջագոյն վտանգներու եւ սպառնալիքներու դէմ յանդիման կանգնած է։ Մենք շատ լուրջ անկիւնաքար դրած ենք Հայաստանի ինքնիշխանութեան, անկախութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ անվտանգութեան ապահովման յաջորդ փուլը մտնելու եւ զանոնք զարգացնելու համար։ Եթէ մենք մէկ-երկու տարի ճիշդ կառավարենք, ապա կը կարողանանք ապահովել Հայաստանի Հանրապետութեան միջնաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ գոյութիւնը», դիտել տուաւ Նիկոլ Փաշինեան։

Անդրադառնալով Տաւուշի մարզի ռուսական յենակէտերուն վերաբերեալ հարցումի մը՝ Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ. «Ռուսական յենակէտերը այնտեղ յայտնուած են իրադրութեան մը բերումով եւ այն ինչ, որ հիմա տեղի կ՚ունենայ, ի հարկէ, իրադրութեան էական փոփոխութիւն կը նշանակէ եւ այդ փոփոխութիւնը պէտք է իր ազդեցութիւնը ունենայ բոլոր ուղղութիւններով։ Սա կը նշանակէ, որ մենք առաջնագիծ չունինք եւ մենք ունինք սահման, իսկ սահմանը խաղաղութեան նշան է եւ սա պիտի նշանակէ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանապահները իրարու հետ համագործակցելով ինքնուրոյն ի վիճակի պիտի ըլլան իրականացնելու սահմանի պահպանութիւնը»։ Ի շարունակութիւն ան աւելցուց, որ սահմանի պաշտպանութեան ապահովումը արդէն ուրիշ խնդիր է։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 22, 2024