ԴԷՊԻ ՆՈՐ ՀԱՐԵՒԱՆՈՒԹԻՒՆ

Եւ­րո­միու­թեան Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան Ռի­կա­յի գա­գա­թա­ժո­ղո­վը ե­րէկ սկսաւ հան­դի­սա­ւոր պայ­ման­նե­րու ներ­քեւ։ Լաթ­վիոյ մայ­րա­քա­ղա­քը այս գա­գա­թա­ժո­ղո­վին առ­թիւ կը հիւ­րըն­կա­լէ ԵՄ-ի բո­լոր կա­ռոյց­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ ծան­րակ­շիռ ա­ռաջ­նորդ­նե­րը, ո­րոնց կար­գին կը դա­սուին Ֆրան­սա­յի Նա­խա­գահ Ֆրան­սուա Օ­լանտ, Գեր­մա­նիոյ Վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քէլ եւ Անգ­լիոյ Վար­չա­պետ Տէյ­վիտ Քեմ­րըն։ Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան մաս­նա­կից վեց եր­կիր­նե­րէն ե­րե­քը նա­խա­գա­հի մա­կար­դա­կով ներ­կա­յա­ցուած է Ռի­կա­յի մէջ։ Այս շրջագ­ծով Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեանն ալ կը գտնուի Ռի­կա­յի մէջ։

Ե­րէկ, ըստ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րուն, Սերժ Սարգ­սեան երկ­կող­մա­նի հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ ԵՄ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գահ երկ­րի՝ Լաթ­վիոյ Նա­խա­գահ Անտ­րիս Պեր­զին­չի եւ Գեր­մա­նիոյ Վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քէ­լի հետ։ Բաց աս­տի, ան մաս­նակ­ցե­ցաւ Եւ­րո­պա­յի ժո­ղովր­դա­կան կու­սակ­ցու­թեան գա­գա­թա­ժո­ղո­վին։ Սարգ­սեան եւ Մեր­քէլ քննար­կե­ցին հայ-գեր­մա­նա­կան միջ­պե­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր՝ գո­հու­նա­կու­թեամբ ար­ձա­նագ­րե­լով, որ վեր­ջին շրջա­նին նշա­նա­կա­լիօ­րէն ընդ­լայ­նուած եւ հարս­տա­ցած է երկ­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան օ­րա­կար­գը։ Եր­կու եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ ստո­րագ­րուած է շուրջ վեց տաս­նեակ հա­մա­ձայ­նա­գիր։ Զրոյ­ցի ըն­թաց­քին Սերժ Սարգ­սեան ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն յայտ­նեց Գեր­մա­նիոյ կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ Հա­յաս­տա­նին ի նպաստ շա­րու­նա­կա­կան ա­ջակ­ցու­թեան հա­մար։ Սարգ­սեան եւ Մեր­քէլ անդ­րա­դար­ձան Հա­յաս­տան-Եւ­րո­միու­թիւն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն ու զար­գաց­ման հե­ռան­կար­նե­րուն։ Այդ կա­պե­րու խո­րաց­ման ամ­բող­ջին մէջ Սերժ Սարգ­սեան կա­րե­ւո­րեց ԵՄ-ի մօտ ծան­րակ­շիռ դիր­քի մը տէր Գեր­մա­նիոյ դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը։

Եր­կու ղե­կա­վար­նե­րը խօ­սե­ցան նաեւ 2015-ի տա­րե­լի­ցին կա­պակ­ցու­թեամբ, անդ­րա­դառ­նա­լով Հա­յաս­տա­նի եւ աշ­խար­հի բազ­մա­թիւ եր­կիր­նե­րու մէջ տե­ղի ու­նե­ցած յի­շա­տա­կի եւ ո­գե­կոչ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն, նե­րա­ռեալ Գեր­մա­նիան։ Սարգ­սեան ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն յայտ­նեց Գեր­մա­նիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն կող­մէ ար­տա­յայ­տուած դիր­քո­րոշ­ման հա­մար։

Զրու­ցա­կից­նե­րը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կե­ցին Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի տա­րած­քաշր­ջա­նի խնդիր­նե­րուն եւ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն ա­ռըն­չու­թեամբ։ Այս ծի­րին մէջ ա­նոնք կանգ ա­ռին նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գա­հու­թեան շրջա­նակ­նե­րէն ներս Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի խա­ղաղ ճա­նա­պար­հով կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղեալ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցին վրայ։

ԵՄ-ի Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան գա­գա­թա­ժո­ղո­վին մաս­նա­կից ղե­կա­վար­նե­րը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Ռի­կա­յի մէջ հա­մախմ­բուե­ցան պաշ­տօ­նա­կան ընթ­րի­քի սե­ղան­նե­րուն շուրջ, մինչ այ­սօր տե­ղի կ՚ու­նե­նան նա­խա­տե­սուած բուն ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը։ Իսկ Եւ­րո­պա­յի ժո­ղովր­դա­կան կու­սակ­ցու­թեան ե­րէ­կուան գա­գա­թա­ժո­ղո­վը ա­ռիթ մըն էր փո­խան­ցե­լու հա­մար պատ­գամ­ներ։ Այդ ա­ռի­թը վի­ճա­կե­ցաւ նաեւ Սերժ Սարգ­սեա­նին, որ Եւ­րո­պա­յի ժո­ղովր­դա­կան կու­սակ­ցու­թեան գա­գա­թա­ժո­ղո­վին ժա­մա­նակ յստա­կօ­րէն պատ­գա­մեց, թէ Ե­րե­ւա­նի ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րու շար­քին մնալ կը շա­րու­նա­կէ եւ­րո­պա­կան օ­րա­կար­գը։ «Մենք յանձ­նա­ռու ենք խո­րաց­նե­լու եւ ա՛լ ա­ւե­լի ամ­րապն­դե­լու մեր հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը ԵՄ-ի հետ։ Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թիւ­նը այ­սօր թէեւ չ՚ապ­րիր դիւ­րին ժա­մա­նակ­ներ, սա­կայն մենք չենք հա­մա­րեր, որ ան ինք­զինք սպա­ռած է կամ այ­լեւս ը­նե­լիք մը չու­նի։

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2015