ԶՐՈՅՑՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԸ ՀԱՍԱՒ ԱՒԱՐՏԻՆ
Պատմութեան հիմնարկին (Tarih Vakfı) նախաձեռնութեամբ 2015-ի տարելիցին շրջագծով կազմակերպուած Հինգշաբթիի զրոյցներու շարքը երէկ երեկոյեան հասաւ իր աւարտին։ Եզրափակիչ այս ձեռնարկին ներկայ էին Պատմութեան հիմնարկի նախագահ Փրոֆ. Պիւլենտ Պիլմէզ, ինչպէս նաեւ այս զրոյցներու շարքի ծրագիրը համակարգած երկու անունները՝ Կիւվէն Կիւրքան Էօզթան եւ Էօմէր Թուրան։
Վերջին զրոյցին ատենախօսներն էին գրող Գարին Գարագաշլը, «Արաս» հրատարակչութեան խմբագիր Ռոպէր Քոփթաշ եւ ճարտարապետ Զաքարիա Միլտանօղլու, որ ծանօթ է նաեւ իր ուսումնասիրութիւններով։
Ասուլիսի տեւողութեան Հայոց եղեռնի 100-րդ տարելիցին զուգադիպած ներկայ ժամանակաշրջանին ընդհանուր հայեացք մը սեւեռուեցաւ թէ՛ 1915-ի շրջանին եւ թէ այսօրուան վրայ։ 2015-ի ոգեկոչման արարողութիւններուն լոյսին տակ, ցարդ ապրուածները հաշուի առնելով կատարուեցաւ ամփոփ հաշուեյարդար մը։