ՄԻՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ ԿՈՂՄԷ ՅԱՐԱՏԵՒ ՋԱՆՔԵՐ

Պա­քուի մօտ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու դես­պան Ռա­պըրթ Սե­քու­թա յայ­տա­րա­րեց, որ իր եր­կի­րը, ըլ­լա­լով ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ան­դամ, ջան­քեր կը գոր­ծադ­րէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման հա­մար։ «Ներ­կա­յիս մենք կը շա­րու­նա­կենք աշ­խա­տիլ այդ ուղ­ղու­թեամբ», ը­սաւ ա­մե­րի­կա­ցի դես­պա­նը եւ ա­ւել­ցուց, թէ միջ­նորդ­նե­րը բա­նակ­ցու­թիւն­ներ կը վա­րեն Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րուն հետ՝ այս տա­րի նա­խա­գահ­նե­րու մա­կար­դա­կով հան­դի­պում մը կազ­մա­կեր­պե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։

«Ար­դիւն­քին պէտք չէ մոռ­նալ, որ եր­կու եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը պէտք է կամք ցու­ցա­բե­րէ եւ քայ­լե­րու ձեռ­նարկէ ձգձգեալ հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ լուծ­ման ուղ­ղու­թեամբ հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն կող­մէ ա­ռա­ջար­կուող գա­ղա­փար­նե­րուն հի­ման վրայ», ը­սաւ ան։

Միւս կող­մէ, ԱՄՆ-ի խորհր­դա­րա­նա­կան­նե­րէն Տէյ­նա Ռո­րա­պա­խէր յայ­տա­րա­րեց, թէ Հա­յաս­տան եւ Ատր­պէյ­ճան կրնան միա­ւո­րուիլ ընդ­հա­նուր վտան­գի առ­ջեւ։ «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, այդ ընդ­հա­նուր վտանգն է՝ մահ­մե­տա­կան ծայ­րա­յե­ղու­թիւնն ու ա­հա­բեկ­չու­թեան սպառ­նա­լի­քը։ «Ա­մե­րի­կա­յի ձայ­նը» ռա­տիօ­կա­յա­նին տուած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ գոնկ­րէ­սա­կան Ռո­րա­պա­խէր ը­սաւ հե­տե­ւեա­լը. «Կը կար­ծեմ, ե­թէ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» խմբա­ւո­րու­մը շա­րու­նա­կէ ար­ձա­նագ­րել յա­ջո­ղու­թիւն­ներ ու գրա­ւէ նոր տա­րածք­ներ՝ սպան­նե­լով ան­թիւ մար­դիկ, մենք ա­կա­նա­տե­սը պի­տի ըլ­լանք ստեղծ­ման նոր դա­շին­քի մը, ո­րու մէջ պի­տի յայտ­նուին ժո­ղո­վուրդ­ներ, ո­րոնք մինչ այդ չէին կրցած հաս­նիլ հա­մա­ձայ­նու­թեան»։

­Հարկ է նշել, որ Տէյ­նա Ռո­րա­պա­խէր կը գլխա­ւո­րէ ԱՄՆ-ի Գոնկ­րէ­սի Եւ­րո­պա­յի, Եւ­րոա­սիոյ եւ յա­ռա­ջա­ցող վտանգ­նե­րու են­թա­կո­մի­տէն։ Ըստ գոնկ­րէ­սա­կա­նին, յի­շեալ խմբա­ւո­րու­մը անհ­րա­ժեշտ է ոչն­չաց­նել, քա­նի ան տա­կա­ւին վերջ­նա­կա­նօ­րէն չէ ա­պա­կա­յու­նա­ցու­ցած ամ­բողջ մո­լո­րա­կը։ Ծայ­րա­յե­ղա­կան ա­հա­բե­կիչ­նե­րու մար­դա­տեաց գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւ­նը կա­րե­լի է յաղ­թա­հա­րել միայն միաս­նա­կա­նու­թեամբ։ «Մե­զի հա­մար անհ­րա­ժեշտ է միաս­նա­կա­նու­թիւն ցու­ցա­բե­րել, ինչ­պէս որ մենք ցու­ցա­բե­րած էինք հա­մայ­նա­վա­րու­թեան դէմ պայ­քա­րին մէջ», ը­սաւ գոնկ­րէ­սա­կա­նը։

Իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ Ռո­րա­պա­խէր ընդգ­ծեց, որ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րին գծով ԱՄՆ-ի հա­մար անհ­րա­ժեշտ է հա­մա­գոր­ծակ­ցիլ բո­լոր եր­կիր­նե­րուն հետ, նե­րա­ռեալ ա­նոնց հետ, ո­րոնք ու­նին տա­րա­ձայ­նու­թիւն­ներ։ Այս պա­տե­րազ­մին մէջ ԱՄՆ եւ Ռու­սաս­տան կրկին կը գտնուին նոյն կող­մին վրայ։ Գոնկ­րէ­սա­կա­նը հա­մո­զուած է, թէ ԱՄՆ եւ Ռու­սաս­տան ու­նին ընդ­հա­նուր թշնա­մի մը ի դէմս այն ծայ­րա­յե­ղա­կան­նե­րուն։ «Մե­զի հա­մար անհ­րա­ժեշտ է ռու­սե­րուն հետ միա­սին աշ­խա­տիլ ու փոր­ձել կար­գա­ւո­րել ո­րոշ խնդիր­ներ, ո­րոնք ու­նին ռու­սե­րը։ Ռու­սերն ալ կրնան մե­զի օգ­նել այլ խնդիր­ներ կար­գա­ւո­րե­լու գոր­ծին մէջ», ը­սաւ գոնկ­րէ­սա­կա­նը, ո­րու կար­ծի­քով՝ Ո­ւա­շինկ­թըն եւ Մոս­կուա ա­պա­գա­յին կրնան յաղ­թա­հա­րել հա­կա­սու­թիւն­նե­րը ու դառ­նալ ա­ւե­լի սերտ գոր­ծըն­կեր­ներ։

Միւս կող­մէ, Ատր­պէյ­ճա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րով եւ Եւ­րո­յանձ­նա­ժո­ղո­վի հա­րե­ւա­նու­թեան ու ընդ­լայն­ման հար­ցե­րով յանձ­նա­կա­տար Եո­հան­նէս Հան ե­րէկ հան­դիում մը ու­նե­ցան Ռի­կա­յի մէջ։ Տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին քննար­կուե­ցաւ նաեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախն­դի­րը։ Կը հա­ղոր­դուի, որ Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րով այս տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին փա­փաք յայտ­նած է, որ­պէս­զի Եւ­րո­միու­թիւ­նը ա­ւե­լի յստակ դիր­քո­րո­շու­մով մը հան­դէս գայ այս հիմ­նախնդ­րին կա­պակ­ցու­թեամբ։

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2015