ՆԵՐԴՐՈՒՄԱՅԻՆ ԾՐԱԳՐԵՐ

Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան նա­խըն­թաց օր Ե­րե­ւա­նի մէջ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ ար­ժան­թի­նա­հայ յայտ­նի գոր­ծա­րար ու բա­րե­րար Է­տուար­տօ Էր­նէ­քեա­նի հետ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան բարձր գնա­հա­տեց երկ­րի տնտե­սու­թեան բնա­գա­ւա­ռէն ներս Էր­նէ­քեա­նի կող­մէ ծա­ւա­լուած գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։ Ան միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ար­տա­յայ­տեց կա­ռա­վա­րու­թեան ա­ջակ­ցու­թիւ­նը՝ Էր­նէ­քեա­նի կող­մէ շարք մը ծրագ­րե­րու ի­րա­կա­նաց­ման ուղ­ղու­թեամբ։

Իր կար­գին, Է­տուար­տօ Էր­նէ­քեան ընդգ­ծեց, որ պի­տի շա­րու­նա­կէ Հա­յաս­տա­նի մէջ ի­րա­կա­նաց­նել ներդ­րու­մա­յին ծրագ­րեր։ Ան յոյս յայտ­նեց, թէ այդ ծրագ­րե­րը պի­տի նպաս­տեն Հա­յաս­տա­նի տնտե­սու­թեան զար­գաց­ման։

Այ­նու­հե­տեւ զրու­ցա­կից­նե­րը քննար­կե­ցին Հա­յաս­տա­նի մէջ Է­տուար­տօ Էր­նէ­քեա­նի կող­մէ ձեռ­նար­կուած ծրագ­րե­րու ի­րա­կա­նաց­ման ըն­թաց­քը եւ ա­պա­գա­յին նա­խա­տե­սուած նա­խագ­ծե­րը։

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2015