Կիրակի 24, Նոյեմբեր 2024
ՏՈՀԱՅԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑՆԵՐ
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան երէկ շփումներ ունեցաւ Տոհայի մէջ, ուր տեսակցեցաւ նաեւ Քաթարի ղեկավարութենէն դէմքերու հետ։ Ան կը մասնակցի Տոհայի Համաշխարհային անվտանգութեան ֆորումին, որու ծիրէն ներս այլ երկկողմանի յարաբերութիւններ ալ կ՚ունենայ։
Գրիգորեան երէկ մէկտեղուեցաւ Քաթարի էմիրի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Մուհամմէտ պին Ահմէտ ալ Միսնատի հետ։ Երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարներուն զուգահեռ՝ կողմերը ընդգծեցին անվտանգութեան ոլորտէ ներս ապագայ համագործակցութեան կարեւորութիւնը։ Իսկ տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման առումով Երեւան եւ Տոհա կանգ կ՚առնեն հաւանական ներդրումային ծրագիրներ կեանքի կոչելու վրայ։
Չորեքշաբթի, Մայիս 22, 2024