MAMUT-Ը ԴԱՐՁԵԱԼ

«Պոմոնթիատա» համալիրին մէջ երէկ բացուեցաւ «Mamut Art Project» ծաւալուն ցուցահանդէսը, որ այս տարի 11-րդ անգամ կազմակերպուած է։ Թուրքիոյ զանազան շրջաններէն 41 արուեստագէտի ստեղծագործութիւնները համախմբած է այս նախաձեռնութիւնը, որու ծիրէն ներս երկար տարիներէ ի վեր կազմակերպչական լուրջ պատասխանատուութիւն կը ստանձնէ մեր համայնքէն Սէրտա Ասլանը։ Այս տարի եւս ան իր ներդրումը բերած է գեղարուեստական այս մեծ նախագծին, որ 2013 թուականէն ի վեր հետաքրքիրներու ուշադրութեան կ՚արժանանայ։ Հարկ է նշել, որ «Mamut Art Project»ը ամէն տարի շուրջ 20 հազար այցելու կ՚ունենայ։ Երէկ երեկոյեան կատարուած պաշտօնական բացումէն վերջ, այս մեծ ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ կիրակի՝ մայիսի 26-ը։

Այս տարուան «Mamut Art Project»ի ծիրէն ներս առանձին ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ Թուղչէ Այտընի նախագիծը։ Ան այցելուներուն կը ներկայացնէ էնսթալասիոն մը, որ ձայնասփիւռի յաճախականութիւններու միջեւ շրջայցի մը կ՚առաջնորդէ բոլորը։ Սոյն նախագիծը ունի նաեւ Հայաստանի վերաբերեալ երեսակ մը։ Երկրի զանազան անկիւններու կանանց առօրեային ու կենցաղին վերաբերեալ վկայութիւններ կ՚ընդգրկէ իր ծրագիրը։ Սովետական շրջանէն մնացած գործարաններու աշխատաւորներուն թէ՛ այդ շրջանի եւ թէ յետսովետական շրջանի կացութիւնը ի յայտ կը բերուի վարպետօրէն։ Դիպուկ ձեւով ներկայացուած են կեանքի այդ պատկերները, որոնցմէ մէկուն մէջ կը ներկայացուի «Լարիսա» անուն հերոս մը, որ սովետական շրջանին գործարանի մը մէջ կ՚աշխատէր որպէս գիտնական, իսկ ներկայիս դարձած է այդ նոյն գործարանի գիշերապահը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 22, 2024