ՀՌՈՄԻ ՊԱՊԸ ՄԵՂԱԴՐԵՑ ՄԵԾ ՏԷՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Հռո­մէա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Քա­հա­նա­յա­պետ Ֆրան­սիս­քոս Ա. Պա­պը կի­րակ­նօ­րեայ Ս. Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին մե­ղադ­րեց աշ­խա­րի մեծ տէ­րու­թիւն­նե­րը՝ 20-րդ դա­րու ըն­թաց­քին տե­ղի ու­նե­ցած կո­տո­րած­նե­րը կան­խե­լու աշ­խա­տան­քին մէջ ձա­խո­ղել­նուն հա­մար։ «Ար­մէնփ­րէս»ի փո­խանց­մամբ, Պա­պը անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան, Երկ­րորդ հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մի տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին պա­տա­հած հրէից Ող­ջա­կիզ­ման, ինչ­պէս նաեւ սթա­լի­նեան վար­չա­կար­գի ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին ար­ձա­նագ­րուած մե­ծա­դիր զո­հե­րու, ո­րոնց նկատ­մամբ մեծ տէ­րու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կէին լուռ մնալ այդ տա­րի­նե­րուն։

«Նա­խորդ դա­րու ըն­թաց­քին այն­քան շատ, մի­լիո­նա­ւոր հա­յեր մա­հա­ցան։ Սա­կայն մեծ տէ­րու­թիւն­նե­րը ո՞ւր էին այդ ժա­մա­նակ», նշեց Հռո­մի Պա­պը։ Ան ընդգ­ծեց, որ կը հասկ­նայ ներ­կա­յիս ե­րի­տա­սարդ­նե­րը, ո­րոնք կը դժուա­րա­նան վստա­հիլ աշ­խար­հին։ Սրբա­զան Պա­պը քննա­դա­տեց նաեւ բո­լոր այն մար­դիկն ու կա­ռոյց­նե­րը, ո­րոնք կը խօ­սին խա­ղա­ղու­թեան մա­սին, սա­կայն զէնք կ՚ար­տադ­րեն կամ կը վա­ճա­ռեն։

Երկուշաբթի, Յունիս 22, 2015