ՄԵԾԱՐԱՆՔ ԵՒ ԱՄՓՈՓՈՒՄ
Կեդրոնական սանուց միութեան մէջ նախընթաց երեկոյեան տեղի ունեցաւ յատկանշական ձեռնարկ մը, որու ընթացքին մեծարուեցաւ յայտնի դերասան ու բեմադրիչ Պօղոս Չալկըճըօղլու, որ մօտաւոր անցեալին պարգեւատրուած էր շքանշանով մը։ Այդ պարգեւատրման ի շարունակութիւն կազմակերպուած մեծարանքի երեկոյթ մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին Պօղոս Չալկըճըօղլուի հետ համագործակցած, անոր աշակերտած եւ անկէ ներշնչուած բազմաթիւ դէմքեր զինքը շրջապատեցին ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։ Կեդրոնականի նախկին սաներէն Չալկըճըօղլուի վերաբերեալ ներկայացուեցան վկայութիւններ եւ արտասանուեցան սրտի խօսքեր։ Ձեռնարկը, Չալկըճըօղլուի մեծարման առընթեր, իր ամբողջին մէջ առիթ հանդիսացաւ մօտաւոր անցեալի միութենական կեանքի եւ գործունէութեան ընդհանուր արժեւորման եւ ամփոփման։ Արտասահմանէն զանազան անուններու հեռավար մասնակցութիւնն ալ տարբեր խորք մը վերագրեց երեկոյթին, որ զուգադիպեցաւ Պօղոս Չալկըճըօղլուի ծննդեան տարեդարձին եւ, անշուշտ, այդ առումով եզակի տօնակատարութեան մը բնոյթը ունեցաւ։
Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան եւ սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Գէորգ Սիմքէշեան։ Այս առթիւ Սիլվա Գույումճեան երեկոյթի մթնոլորտին եւ խորհուրդին համահունչ յուշանուէր մըն ալ յանձնեց Պօղոս Չալկըճըօղլուին։ Այսպէս, ան պատրաստած էր տեսանիւթ մը, որու վրայ կը ցոլանային Պօղոս Չալկըճըօղլուի Կեդրոնականի վկայականը եւ դպրոցի արխիւէն ներս իրեն վերաբերեալ զանազան արձանագրութիւններ եւ լուսանկարներ։
Հուսկ, բոլորը հերթական անգամ լաւագոյն մաղթանքներ յղեցին վեթերան արուեստագէտին՝ կրկնելով իրենց յարգանքը անոր վաստակին նկատմամբ։