ԼՈՆՏՈՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։ Կը հաղորդուի, որ տեսակցութեան ընթացքին օրակարգի վրայ եկած են Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին վերաբերեալ հարցեր։ Հաքան Ֆիտան-Էնթընի Պլինքըն հանդիպումը տեղի ունեցաւ Լոնտոնի մէջ, ուր անոնք կը գտնուէին՝ Ուքրայնայի վերակառուցման նուիրուած երկօրեայ միջազգային համաժողովի մը մասնակցելու համար։ Հարկ է նշել, որ Հաքան Ֆիտան արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին կոչուելէ վերջ առաջին անգամ տեսակցեցաւ իր ամերիկացի պաշտօնակցին հետ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, բացի Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորումէն, Ֆիտան եւ Պլինքըն անդրադարձան Ուքրայնայի առկայ իրավիճակին, ՆԱԹՕ-ի ընդլայնման եւ երկկողմանի յարաբերութիւններուն։ Զրոյցի ընթացքին Ֆիտան շեշտեց, որ թրքական կողմին Լոնտոնի համաժողովին ժամանակ ներկայութիւնը ցոյց կու տայ անոր աջակցութիւնը ի նպաստ Ուքրայնային։ «Ասոր առընթեր մենք կը քննարկենք երկկողմանի եւ միջազգային բնոյթով հարցեր, ինչպէս նաեւ համագործակցութեան հետ կապուած խնդիրներ ՆԱԹՕ-ի շրջանակներէն ներս, նաեւ այլ ձեւաչափերու մէջ», ըսաւ Հաքան Ֆիտան։ Ֆիտան-Պլինքըն հանդիպումը զուգադիպեցաւ ՆԱԹՕ-ի Վիլնիուսի գագաթաժողովի նախօրեակին։ Ինչպէս ծանօթ է, այդ գագաթաժողովը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ դաշինքին տեսակէտէ։ Արդարեւ, Շուէտի անդամակցութեան խնդիրը օրակարգի վրայ է եւ ուխտի շրջանակներէն ներս բազմակողմանի աշխատանք կը տարուի, որպէսզի Թուրքիոյ վերապահութիւնները յաղթահարուին եւ Անգարա Սթոքհոլմի անդամակցութեան համար իր վերջնական հաւանութիւնը տայ։

Հարկ է նշել, որ Լոնտոնի մէջ կազմակերպուած համաժողովի շրջանակներէն ներս Հաքան Ֆիտան հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ այլ երկիրներէ իր պաշտօնակիցներուն հետ. օրինակ՝ Աւստրիա, Գերմանիա, Իտալիա, Դանիա եւ այլն։

Հինգշաբթի, Յունիս 22, 2023