Կիրակի 24, Նոյեմբեր 2024
ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ՃԱՆՉՑԱՒ ՊԱՂԵՍՏԻՆԻ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ
Մերձաւոր Արեւելքի թէժ իրադարձութիւններու պայմաններուն ներքեւ Հայաստան երէկ հանդէս եկաւ ուշագրաւ նախաձեռնութիւնով մը։ Երեւան պաշտօնապէս տեղեկացուց, որ կը ճանչնայ Պաղեստինի պետութիւնը։ Այս կապակցութեամբ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։
Երեւանի այս որոշումը ունեցաւ լայն արձագանգ։ Իսրայէլի ղեկավարութիւնը բողոքեց Հայաստանի այս որոշման դէմ՝ տեղեկացնելով, որ սա կրնայ ունենալ երկարաժամկէտ հետեւանքներ։ Պաղեստինի ինքնավարութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանին՝ մինչ Արաբական պետութիւններու լիկան ալ ողջունեց Հայաստանի այս քայլը։
Միւս կողմէ, Անգարան ալ ողջունեց Երեւանի այս որոշումը։
Շաբաթ, Յունիս 22, 2024