ԱՆՀԵՌԱՆԿԱՐ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑ
Հայաստան կը շարունակէ ապրիլ արտասովոր օրեր։ Անցեալ Կիրակի առաւօտեան կանուխ ժամերէն ի վեր Երեւանի կեդրոնի մերձակայ Էրեբունի թաղամասէն ներս ոստիկանական կեդրոն մը բռնագրաւման տակ կը պահուի՝ «Հիմնադիր խորհրդարան» կոչուած ընդդիմադիր խմբակցութեան մը զինեալներուն կողմէ։ Ինքզինքը «Սասնայ ծռեր» կոչած այդ զինեալ խումբը պատճառ դարձած է, որ ամբողջ երկրին ուշադրութիւնը կեդրոնանայ Խորենացի փողոցին վրայ, ուր կը գտնուի բռնագրաւեալ ոստիկանական կեդրոնը եւ այնտեղ կան նաեւ ոստիկանութեան բարձրաստիճան պաշտօնատար պատանդներ։
Երկրի բարձրագոյն ղեկավարութենէն պաշտօնեայ մը երէկ առաջին անգամ խօսեցաւ վերջին դէպքերուն շուրջ։ Կառավարութեան հերթական ժողովին առթիւ Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան իրավիճակը որակեց խիստ մտահոգիչ ու դիտել տուաւ, թէ առկայ գործընթացը վտանգաւոր է եւ անհեռանկար։ Ըստ Աբրահամեանի, անթոյլատրելի եւ դատապարտելի է երեւոյթը եւ անհնար է իսկական փոփոխութիւններու հասնիլ բռնութեան միջոցաւ։ Ըստ իրեն, իշխանութիւնները ամէն ինչ պիտի ընեն՝ ապահովելու համար խաղաղ լուծում մը։ Ան ցաւակցութիւն յայտնեց զոհուած ոստիկանութեան գնդապետին համար ու տեղեկացուց, թէ ներկայիս կան չորս վիրաւոր ոստիկաններ։ Զինեալ խումբն ալ ունի վիրաւոր մը։ Ներկայիս գոյութիւն ունի չորս պատանդ։
Թէ՛ Խորենացի փողոցին եւ թէ Երեւանի կեդրոնին մէջ զգալի է այս դէպքով պայմանաւորուած լարուածութիւնը։ Ոստիկանական կեդրոնի բռնագրաւման զուգահեռ ընդդիմադիր շրջանակներն ալ ձեռնարկած են բողոքի ցոյցի մը։ Այդ բողոքի շարժման մասնակիցներուն թիւը երբեմն կ՚աւելնայ, երբեմն ալ կը նուազի։ Ցուցարարներուն եւ ոստիկանութեան միջեւ յարաբերութիւններն ալ կ՚ընթանան նման ձեւով՝ լարուածութիւնը լոկ կ՚աճի ու կը հասնի բախումներու սահմանին, մերթ ալ հանդարտութիւն կը վերահաստատուի։ «Սասնայ ծռեր» զինեալ խումբը կը պահանջէ հիմնադիր խորհրդարանի ձերբակալեալ առաջնորդ Ժիրայր Սէֆիլեանի ազատ արձակուիլը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաժարիլը։ Բազում հարցականներով ծանրաբեռնուած անորոշ մթնոլորտին մէջ կը շարունակուի մտահոգ սպասում մը։
Միւս կողմէ, Հայաստանի այս դէպքերը ուշադրութեան կ՚արժանանան նաեւ միջազգային գետնի վրայ։ Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութենէն վերջ, երէկ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ու Եւրոմիութիւնն ալ արձագանգեցին առկայ իրավիճակին։ Մոսկուա եւ Պրիւքսել տեղեկացուցին, թէ բռնութիւնը անթոյլատրելի է։