ԵՐԵՒԱՆ ԵՒ ՊԱՔՈՒ ՀԱՒԱՆՈՒԹԻՒՆ ՏՈՒԻՆ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ՄԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՄԱՆ ՀԱՄԱՐ

Ամբողջութեամբ պաշարուած Արցախի մէջ մարդասիրական տագնապը հետզհետէ կը խորանայ, մինչ Երեւանի մէջ արցախահայերուն ի պաշտպանութիւն ցոյցեր տեղի կ՚ունենան իրերայաջորդ ձեւով։ Ստեղծուած ծանր մթնոլորտին մէջ Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ռուս համանախագահ Իկոր Խովայեւը, որ, միեւնոյն ժամանակ, Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու գծով Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի յատուկ խորհրդականն է։ Իկոր Խովայեւ օրուան տեւողութեան հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փաշինեան շեշտեց, որ իր եւ Խովայեւի հանդիպումը տեղի կ՚ունենայ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի փակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղէ ներս խորացող մարդասիրական տագնապի պայմաններուն ներքեւ։ Ան կարեւորեց ստեղծուած իրավիճակի, նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի շուրջ խորհրդակցութիւնները։ Արարատ Միրզոյեանն ալ ռուս դիւանագէտին հետ զրուցելու ընթացքին ընդգծեց Լաչինի միջանցքի անյապաղ վերաբացման անհրաժեշտութիւնը։ Վերջին օրերուն Վիեննա կատարած այցելութեան ժամանակ Միրզոյեան աւստրիական մամուլին տուած հարցազրոյցին մէջ ալ յայտարարեց, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան չեն կրնար կարգաւորել իրենց յարաբերութիւնները՝ առանց հաշուի առնելու Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան իրաւունքները։ Խովայեւի Պաքու այցելութեան զուգահեռ՝ Սերկէյ Լաւրովն ալ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Անոնք կարծիքներ փոխանակեցին Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման կապակցութեամբ։ Իր կարգին, Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Սերկէյ Ռիապքովն ալ ըսաւ. «Մոսկուա վստահ է, թէ Պաքու եւ Երեւան պիտի կարողանան կարգաւորել յարաբերութիւնները»։

Ռուսական կողմին տարած այս աշխատանքներու մթնոլորտին մէջ ուրուագծուած է նաեւ Սերկէյ Լաւրովի միջնորդութեամբ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ Մոսկուայի մէջ նոր հանդիպում մը կազմակերպելու հորիզոնը։ Երէկ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան տեղեկացուց, որ հայկական կողմը հաւանութիւն տուած է այդպիսի հանդիպումի մը համար։ Իսկ Պաքուէն այս կապակցութեամբ շատ աւելի բարձր մակարդակի վրայ յայտարարութիւն մը հնչեց։ Արդարեւ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ տեղեկացուց, որ յառաջիկայ օրերուն արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ հանդիպում մը կը նախատեսուի։ Շուշի կատարած այցելութեան ընթացքին Ալիեւ յայտնեց նաեւ, որ Ատրպէյճան մտադիր է յառաջիկայ երեք տարիներուն ընթացքին 150 հազար հոգի բնակեցնել՝ Արցախի երկրորդ պատերազմէն վերջ իր վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէն ներս։

Շուշիի մէջ կազմակերպուած հաւաքոյթի ընթացքին Իլհամ Ալիեւ խօսեցաւ նաեւ Թուրքիա-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն մասին։ Իր խօսքով՝ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ իր անձնական ընկերութիւնը կարեւոր գործօն մըն է տարածաշրջանային կայունութեան տեսակէտէ։

Շաբաթ, Յուլիս 22, 2023