Տ. ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ ԼԻԶՊՈՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԵՑ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ԲԱՐԵՐԱՐ ՀՈԳԵԼՈՅՍ ԳԱԼՈՒՍՏ ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆԻ ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆԻՆ

Յուլիս ամիսը ամէն տարի առիթ կը հանդիսանայ ոգեկոչելու համար ազգային երախտաշատ ու անմոռանալի բարերար հոգելոյս Գալուստ Կիւլպէնկեանը։ Այս տարի եւս յուլիսի 20-ին Լիզպոնի մէջ մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօնով վերյիշուեցաւ Գալուստ Կիւլպէնկեանը, որ պատմութեան ընթացքին հայ ժողովուրդին ծնունդ տուած պատմական զաւակներէն մին է, որուն արձանագրած յաջողութիւնները ոչ միայն հայութեան, այլ ամբողջ մարդկութեան տեսակէտէ ունեցած են դրական շարունակութիւն։

Լիզպոնի մէջ, Գալուստ Կիւլպէնկեանի ոգեկոչման առընթեր, տեղի ունեցաւ նաեւ իր անունով հաստատուած տարեկան մրցանակի յանձնման արարողութիւնը։ Աւանդաբար այս երկու փուլերը ամէն տարի տեղի կ՚ունենան միասին։ Այսինքն, Գալուստ Կիւլպէնկեանի համար կատարուած տարեկան հոգեհանգստեան պաշտօնէն անբաժան է իր անունով հաստատուած մրցանակի յանձնման արարողութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, 2020 թուականէն ի վեր կը յանձնուին Գալուստ Կիւլպէնկեանի անունով յանձնուած «Մարդկութեան համար» մրցանակները։ Ամէն տարի այս մրցանակի շրջանակին մէջ 1 միլիոն տոլար կը յատկացուի դափնեկիրներուն, որոնք լուծումներ կը փնտռեն կլիմայի փոփոխութեան դիմակայման մարտահրաւէրներու ճանապարհին։ Պարգեւներու կրնան արժանանալ ինչպէս անհատներ, այնպէս ալ կազմակերպութիւններ։

Այս մրցանակի դատակազմի նախագահն է Գերմանիոյ նախկին վարչապետ Անկելա Մերքել, որ Լիզպոնի մէջ հանդիսաւոր հաւաքոյթի մը ընթացքին յանձնեց այս տարուան մրցանակները։ Այս տարի կային երեք դափնեկիրներ՝ Էնտոնեզիայէն, Քամերունէն եւ Պրազիլէն։ Դափնեկիրներու շնորհակալութեան խօսքերէն վերջ արտայայտուեցան նաեւ Փորթուգալի նախագահ Մարսելօ Ռեպելօ տէ Սոզա եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի նախագահ Անթոնիօ Ֆէյժօ։ Յուլիսի 19-ին կազմակերպուած այս հանդիսաւոր երեկոյթը եզրափակուեցաւ «Կիւլպէնկեան» նուագախումբի փառաշուք համերգով։ Օր մը վերջ՝ յուլիսի 20-ին, Գալուստ Կիւլպէնկեանի մահուան տարելիցին օրը, Լիզպոնի մէջ տեղի ունեցան կրօնական արարողութիւններ, որոնց հանդիսապետեց Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Սուրբ Աթոռին մօտ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։ Լիզպոնի Igreja de Nossa Senhora do Rosário de Fátima եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած հայածէս արարողութեան աւարտին Նորին Սրբազնութիւնը «Հոգւոց» արտասանեց՝ Աստուծմէ հայցելով Գալուստ Կիւլպէնկեանի հոգւոյն խաղաղութիւն եւ հանգստութիւն։ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան այս առթիւ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը, որու ընթացքին մերօրեայ իրականութիւններու լոյսին տակ մեկնաբանեց Գալուստ Կիւլպէնկեանի կողմէ հայ ազգին համար ապահովուած փայլուն նպաստներուն նշանակութիւնը։ Ան նախ յիշեցուց, թէ Գալուստ Կիւլպէնկեան Լոնտոնի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ հիմնադրումը ապահոված էր, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան մատենադարանին ստեղծումը խրախուսած էր, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հաստատման ճանապարհին անփոխարինելի դերակատարութիւն ունեցած էր, ինչպէս նաեւ որպէս Հայ Եկեղեցւոյ նուիրեալ զաւակ՝ զգալի մասնակցութիւն ունեցած էր Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի վերականգնման։ Հաշուի առնելով ներկայ տարուան խորհուրդը՝ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան վերյիշեց նաեւ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետը։ Քարոզի տեւողութեան խորհրդածութիւններուն մէջ ան հետաքրքրական զուգահեռականներու ակնարկեց Գալուստ Կիւլպէնկեանի եւ Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի մարմնաւորած փիլիսոփայութիւններուն մասին։ Իր խօսքով՝ երեանաշնորհ Հայրապետի քրիստոնէական երկխօսութեան գաղափարը, փիլիսոփայութիւնը ունէր երեք յենակէտ՝ միասնութիւն, մարդասիրութիւն եւ շնորհ։ Ան յայտնեց, որ Գալուստ Կիւլպէնկեանի գործունէութեան պարագային եւս կը բիւրեղանան այս նոյն սկզբունքները։

Եկեղեցական արարողութիւններէն վերջ, Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան այցելեց «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Լիզպոնի կեդրոնական գրասենեակը, ուր հիւրընկալուեցաւ կառոյցի նախագահ Անթոնիօ Ֆէյժոյի եւ Հոգաբարձուներու խորհուրդի այլ անդամներուն կողմէ։ Նորին Սրբազնութիւնը առանձին հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Կիւլպէնկեան գերդաստանի մերօրեայ շառաւիղներէն Մարթին Եսայեանի հետ, որ Հոգաբարձուներու խորհուրդի մշտական անդամն է։ Նորին Սրբազանութիւնը խորհրդակցութիւն մըն ալ ունեցաւ հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժնի տնօրէն տքթ. Ռազմիկ Փանոսեանի հետ։

Նոյն երեկոյեան Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի ի պատիւ Ռազմիկ Փանոսեանի կողմէ կազմակերպուեցաւ ընթրիք Լիզպոնի հայկական «Արարատ» ճաշարանին մէջ։ Մտերմիկ մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ այս հաւաքոյթի ընթացքին։ Տեղւոյն հայ համայնքի ներկայացուցիչները հաճելի զրոյց ունեցան Նորին Սրբազնութեան հետ եւ ըմբոշխնեցին իրարու հետ համախմբուելու հաճոյքը։

Շաբաթ, Յուլիս 22, 2023