ՔԼԱՐԻՆԷԹԱՀԱՐ ԷՏՈՒԱՐՏ ԽՈՐՈԶԵԱՆԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ վերջերս տեղի ունեցած է «Մենհեթըն» միջազգային երաժշտական մրցոյթը, որու ընթացքին երիտասարդ արուեստագէտներու անուանակարգին մէջ դափնեկիր դարձած է հայազգի 19-ամեայ քլարինէթահար Էտուարտ Խորոզեան։ Ան այս մրցանակով իրաւունք շահած է ելոյթ ունենալու Նիւ Եորքի «Carnegie Hall»ի մէջ։ Քլարինէթահար Էտուար Խորոզեան սոյն ելոյթի ընթացքին իր բնատուր տաղանդով առինքնած է ունկնդիրները։

2013 թուականէն ի վեր քլարինէթ կը նուագէ Էտուարտ Խորոզեան, որ աւարտած է Երեւանի «Ղազարոս Սարեան» արուեստի դպրոցը։ Երիտասարդ երաժիշտին համար առաջնայինը լաւ նուագարան մը ունենալու երազանքը իրականացնելն ու յաղթանակի վրայ կեդրոնանալն էր։ Ան «Yamaha Scholarship Program 2022-23»ի առաջին մրցանակակիրը դարձած է եւ արժանացած է կրթաթոշակի գլխաւոր մրցանակին՝ «Yamaha» արհեստավարժ քլարինէթին։ Հարկ է նշել, որ սոյն մրցաշարքի 80 մասնակիցներէն վեցը արժանացաւ գործիքներու, բայց բոլորէն բարձրը, նկատելին ու առանձնացողը Էտուարտ Խարոզեանի նուագն էր։

Էտուարտ Խորոզեան միջազգային եւ հանրապետական երաժշտական մրցոյթներու մէջ արժանացած է բազմաթիւ մրցանակներու՝ ապահովելով լաւագոյն արդիւնքները։ Այսպէս, ան ստացած է «Sava Dimitrov» քլարինէթահարներու միջազգային մրցոյթի (Պուլղարիա, 2023) երրորդ մրցանակը, Լուկանոյի առաջին միջազգային երաժշտական մրցոյթի (Զուիցերիա, 2022) առաջին մրցանակը, «Nouvelles Etoiles» երիտասարդ տաղանդաւոր երաժիշտներու միջազգային մրցոյթի (Ֆրանսա, 2021) առաջին մրցանակը, «Jeunes talents en musique Classique» միջազգային մրցոյթի (Ֆրանսա, 2021) մեծ մրցանակը։ Ան ապահոված է նաեւ «Հարմոնիա» մրցոյթի (Ռուսաստան, 2021) առաջնութիւնը։

Երիտասարդ երաժիշտը, որ որպէս մենակատար հանդէս կու գայ Հայաստանի Ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբի եւ Ազգային սենեկային նուագախումբին հետ, օրինակ կը ծառայէ բոլոր երիտասարդներուն, որոնք հետաքրքրուած են երաժշտութեան ոլորտով։

Շաբաթ, Յուլիս 22, 2023