ՅՍՏԱԿ ՊԱՏԱՍԽԱՆԻ ՍՊԱՍՈՒՄ

Ատրպէյճանը Հայաստանը հրաւիրեց՝ յառաջիկայ նոյեմբերին Պաքուի մէջ նախատեսուած COP29 գագաթաժողովին։ Երեւան պաշտօնապէս չէ արձագանգած Պաքուի այս հրաւէրին։

Մինչ այդ, Ատրպէյճան կը շարունակէ առաւելապաշտ քաղաքականութեան հետեւիլ Հայաստանի հետ հաշտութեան որոնումներուն մէջ։ Երեւան-Պաքու առանցքին վրայ կուտակուած խնդիրները ջուրի վրայ ելած էին, երբ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ Լոնտոնի մէջ նախատեսուած հանդիպումը տեղի չէր ունեցած՝ Եւրոպական քաղաքական համայնքի 4-րդ գագաթաժողովի օրերուն։

Այս փուլէն վերջ, շաբաթավերջին Ալիեւ դարձեալ յայտնեց, որ Հայաստան պէտք է փոխէ իր Սահմանադրութիւնը ու պէտք է համաձայնի, որպէսզի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբը լուծարուի։ Բաց աստի, ան ըսաւ. «Երեւան պէտք է յստակ պատասխան տայ, թէ ինչպէս կրնան ատրպէյճանցիները վերադառնալ իրենց պատմական հողերը»։

Իր կարգին, Ալիեւի աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու գծով պատասխանատու Հիքմէթ Հաճիեւն ալ դիտել տուաւ, թէ Պաքու Երեւանին առաջարկած է համաձայնեցնել խաղաղութեան պայմանագրի հիմնարար սկզբունքները՝ նախքան լայնածաւալ պայմանագրի կնքումը։

Երկուշաբթի, Յուլիս 22, 2024