ՀԲԸՄ-Ի ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ 28-ՐԴ ԱՄՐԱՆ ՍԹԱԺԻ ԾՐԱԳԻՐԸ ԵԶՐԱՓԱԿՈՒԵՑԱՒ

Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ այս տա­րի 28-րդ ան­գամ կազ­մա­կեր­պուած ամ­րան սթա­ժի ծրա­գի­րը եզ­րա­փա­կուե­ցաւ յա­ջո­ղու­թեամբ։ Աշ­խար­հի զա­նա­զան եր­կիր­նե­րէն եւ Հա­յաս­տա­նէն թի­ւով շուրջ քսան ե­րի­տա­սարդ­ներ Նիւ Եոր­քի յա­ռա­ջա­տար զա­նա­զան կա­ռոյց­նե­րուն մօտ փոր­ձա­ռու­թիւն ձեռք բե­րին բազ­մա­թիւ բնա­գա­ւառ­նե­րէ ներս։ Աշ­խա­տան­քա­յին ե­րե­սա­կին ա­ռըն­թեր ամ­րան այս ծրա­գի­րը ու­նէր նաեւ ըն­կե­րամ­շա­կու­թա­յին հանգ­րուան­ներ, ո­րոնք եւս ի­րենց հեր­թին հե­տաքրք­րա­կան էին ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն հա­մար։

Հարկ է նշել, որ 1987 թուա­կա­նին այս ծրա­գի­րը սկսած է յայտ­նի բա­րե­րար Ռի­թա Պա­լեա­նի եւ իր հան­գու­ցեալ ա­մուս­նոյն՝ Վարդ­գէս Պա­լեա­նի վե­րահս­կո­ղու­թեան ներ­քեւ։

Այս ծրա­գի­րը եզ­րա­փա­կիչ փու­լին մաս­նա­կից ե­րի­տա­սարդ­նե­րը հա­մախմ­բուե­ցան Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան Նիւ Եոր­քի կեդ­րո­նա­տե­ղիին մէջ։ Լու­սան­կա­րին մէջ ա­նոնք կ՚ե­րե­ւին խմբո­վին։

Շաբաթ, Օգոստոս 22, 2015