ԿԻՊՐՈՍԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՍՏԵՂԾՈՒԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ ՄԻԱՒՈՐ ՄԸ

Կիպ­րա­կան հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին զու­գա­հեռ՝ ներ­կա­յիս աշ­խա­տանք կը տա­րուի կղզիէն ներս կրօ­նա­կան գետ­նի վրայ խա­ղա­ղու­թիւնն ու հա­մե­րաշ­խու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ Ծա­նօթ է, որ վեր­ջին շրջա­նին բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն մէջ ար­ձա­նագ­րուած է յա­ռա­ջըն­թաց եւ ստեղ­ծուած՝ յու­սադ­րիչ մթնո­լորտ մը։ Այս պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ, օ­րա­կար­գի վրայ ե­կած է ա­ռա­ջարկ մը, որ կը նա­խա­տե­սէ ՄԱԿ-ի հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ ստեղ­ծել կղզիի կրօ­նա­կան ա­ռաջ­նորդ­նե­րէն բաղ­կա­ցեալ միա­ւոր մը։ Սոյն ա­ռա­ջար­կը քննար­կուած է նաեւ Հիւ­սի­սա­յին Կիպ­րո­սի Թուրք Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Մուս­թա­ֆա Ա­քըն­ճըի եւ Յու­նա­կան Կիպ­րո­սի ղե­կա­վար Նի­քոս Ա­նաս­տա­սիա­տի­սի ան­ցեալ շաբ­թուան վեր­ջին հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին։ Կղզիի մի­ջան­կեալ հա­տուա­ծէն ներս տե­ղի ու­նե­ցած հա­ւա­քին մաս­նակ­ցած են կրօ­նա­կան ղե­կա­վար­ներ, ո­րոնց շար­քին գտնուած է Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Կիպ­րո­սի Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Նա­րեկ Արքեպիսկոպոս Ա­լեէ­մէ­զեան։

Ըստ մշա­կուած ծրագ­րին, ՄԱԿ-ի հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ ստեղ­ծուե­լիք այս միա­ւո­րին մէջ պաշ­տօն պի­տի ստանձ­նեն կղզիի հինգ կրօ­նա­կան ա­ռաջ­նորդ­նե­րը։ Ա­նոնք աշ­խա­տանք պի­տի տա­նին հա­սա­րա­կա­կան հա­մա­ձայ­նու­թեան կա­րօտ նիւ­թե­րուն եւ սրբա­վայ­րե­րու կա­ցու­թեան վրայ։ Ի­րա­ւա­սու­նե­րը կը հա­ղոր­դեն, որ ՄԱԿ-ն ալ հաշտ աչ­քով կը դի­տէ սոյն ա­ռա­ջար­կը։

 

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2015