ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ՔԱՅԼ

«ContourGlobal» ըն­կե­րու­թիւ­նը եւ Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը վեր­ջերս յայ­տա­րա­րե­ցին, թէ ա­ւար­տած են Ո­րո­տա­նի ջրաե­լեկտ­րա­կա­յա­նի գոր­ծար­քը։ Այս­պէս, յի­շեալ ըն­կե­րու­թիւ­նը տե­ղե­կա­ցուց, թէ ա­ւար­տած է այդ ջրաե­լեկտ­րա­կա­յա­նի ձեռք բեր­ման գոր­ծը։ Հարկ է նշել, որ Ո­րո­տա­նի ջրաե­լեկտ­րա­կա­յա­նը բաղ­կա­ցած է ե­րեք ա­ռան­ձին ե­լեկտ­րա­կա­յա­նէ, ո­րու ընդ­հա­նուր հզօ­րու­թիւ­նը կը կազ­մէ 405 մե­կա­վաթ։

«ContourGlobal» ըն­կե­րու­թեան կող­մէ հրա­պա­րա­կուած հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ նշուած է, թէ Մի­ջազ­գա­յին ելմ­տա­կան ըն­կե­րու­թիւ­նը, որ Հա­մաշ­խար­հա­յին դրա­մա­տան խում­բին ան­դամ է, ձեռք բե­րած է «ContourGlobal Hydro Cascade» բաժ­նե­տոմ­սե­րուն 20 տո­կո­սը, որ­պէս­զի նպաս­տէ Ո­րո­տա­նի ջրաե­լեկտ­րա­կա­յա­նի ձեռք բեր­ման, շա­հա­գործ­ման ու վե­րա­կանգն­ման։ Նա­խա­գի­ծը ուղ­ղուած է ե­լեկտ­րա­մա­տա­կա­րար­ման վե­րահս­կե­լիու­թեան բարձ­րաց­ման եւ Հա­յաս­-տա­նի ու­ժա­նիւ­թի ո­լոր­տի ամ­րապնդ­ման։

Ո­րո­տա­նի ջրաե­լեկտ­րա­կա­յա­նի ձեռք­բե­րու­մը Հա­յաս­տա­նի պատ­մու­թեան մէջ ա­մե­րի­կեան ա­մե­նա­խո­շոր մաս­նա­ւոր ներդ­րու­մը կը հան­դի­սա­նայ ու միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ա­մե­րի­կեան ա­ռա­ջին ներդ­րու­մը՝ Հա­յաս­տա­նի ու­ժա­նիւ­թի բնա­գա­ւա­ռէն ներս։ Ո­րո­տա­նի ջրաե­լեկտ­րա­կա­յա­նը կ՚ա­պա­հո­վէ Հա­յաս­տա­նի ու­ժա­նիւ­թի հա­մա­կար­գի հաս­տա­տուած հզօ­րու­թեան մօ­տա­ւո­րա­պէս 15 տո­կո­սը։

Ըստ հա­մա­ձայ­նագ­րի պայ­ման­նե­րուն, «ContourGlobal Hydro Cascade» պի­տի տնօ­րի­նէ եւ պի­տի կա­ռա­վա­րէ ե­րեք ջրաու­ժա­նիւ­թա­յին կա­ռոյց­նե­րը, ո­րոնք տե­ղա­կա­յուած են Ո­րո­տան գետ­ի վրայ՝ ե­լեկտ­րա­կան ու­ժա­նիւ­թը մղե­լով դէ­պի Հա­յաս­տա­նի ե­լեկտ­րա­կան ցան­ցեր, ե­լեկտ­րա­կան ու­ժա­նիւ­թի գնման եր­կա­րա­ժամ­կէտ հա­մա­ձայ­նագ­րի մը շրջագ­ծով։ Վե­րա­կա­ռուց­ման ծրագ­րին զու­գա­հեռ՝ «ContourGlobal»ը հե­տա­գայ վեց տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին ա­ւե­լի քան 50 մի­լիոն եւ­րօ պի­տի ներդ­նէ կա­յան­նե­րու ար­դիա­կա­նաց­ման եւ ա­նոնց շա­հա­գործ­ման բնու­թագ­րե­րու բա­րե­լաւ­ման, անվ­տան­գու­թեան, վստա­հե­լիու­թեան, ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեան բարձ­րաց­ման նպա­տա­կով։ «ContourGlobal» կ՚ակն­կա­լէ, որ ար­դիա­կա­նաց­ման ար­դիւն­քին պի­տի ստեղ­ծուի 150 կար­ճա­ժամ­կէտ աշ­խա­տա­տե­ղի, ի յա­ւե­լումն 150 եր­կա­րա­ժամ­կէտ աշ­խա­տա­տե­ղի­նե­րուն՝ նա­խա-­տե­սուած թեք­նիկ աշ­խա­տող­նե­րու հա­մար։

«ContourGlobal»ի նա­խա­գահ եւ գլխա­ւոր գոր­ծա­դիր տնօ­րէն Ճո­զըֆ Պրենտ նշեց, որ ըն­կե­րու­թիւ­նը կը ձգտի ար­դիւ­նա­ւէտ գոր­ծըն­կեր մը ըլ­լալ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան հա­մար։ «Մենք շատ ու­րախ ենք յայ­տա­րա­րե­լով Ո­րո­տա­նի գոր­ծար­քի ա­ւար­տին եւ Մի­ջազ­գա­յին ելմ­տա­կան ըն­կե­րու­թեան դրա­մագ­լու­խի մէջ բաժ­նե­տի­րա­կան գոր­ծըն­կե­րոջ կար­գա­վի­ճակ ու­նե­նա­լուն մա­սին։ Մենք շնոր­հա­կալ ենք կա­ռա­վա­րու­թեան մե­զի նկատ­մամբ ցու­ցա­բե­րուած վստա­հու­թեան հա­մար ու ան­համ­բեր կը սպա­սենք՝ էա­կան եւ կա­րե­ւոր ներդ­րում մը ու­նե­նա­լու հա­մար երկ­րի ա­ռանց­քա­յին են­թա­կա­ռու­ցուածք­նե­րէն մէ­կուն մէջ», ը­սաւ ան։

Այս գոր­ծար­քի ա­ւար­տին հետ գրե­թէ նոյ­նա­ժա­մա­նակ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ու­ժա­նիւ­թի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը կոչ ուղ­ղեց ներդ­րում­ներ կա­տա­րել Հա­յաս­տա­նի վե­րա­կանգ­նուող ու­ժա­նիւ­թի բնա­գա­ւա­ռէն ներս։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ԱՄՆ-ի եւ Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ ձեռք բե­րուած ա­ռեւ­տու­րի եւ ներդ­րում­նե­րու շրջա­նա­կա­յին հա­մա­ձայ­նա­գի­րը հնա­րա­ւո­րու­թիւն պի­տի տայ ընդ­լայ­նե­լու երկ­կող­մա­նի ա­ռեւտ­րատն­տե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը եւ հզօ­րաց­նե­լու Հա­յաս­տա­նի տնտե­սու­թիւ­նը։ Փոխ­շա­հա­ւէտ ա­ռեւտ­րա­յին կա­պե­րը պի­տի նպաս­տեն ԱՄՆ-ի եւ Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն եւ եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու բա­րե­կա­մու­թեան ամ­րապնդ­ման։ Սա պի­տի նպաս­տէ նաեւ Հա­յաս­տա­նի եւ ԱՄՆ-ի մի­ջեւ օ­ժան­դա­կու­թե­նէ դէ­պի ա­ռեւ­տու­րի վրայ հիմ­նուած յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու հաս­տատ­ման։ Յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին Հա­յաս­տան պի­տի այ­ցե­լէ ԱՄՆ-ի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան հա­մաշ­խար­հա­յին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան գրա­սե­նեա­կին կող­մէ պա­տուի­րա­կու­թիւն մը՝ հե­տա­զօ­տե­լու հա­մար ներդրու­մա­յին հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը վե­րա­կանգ­նուող ու­ժա­նիւ­թի բնա­գա­ւա­ռէն ներս։ Բաց աս­տի, Եւ­րո­միու­թիւ­նը եւ Աւստ­րիոյ Զար­գաց­ման գոր­ծա­կա­լու­թիւնն ալ շուրջ 320 հա­զար եւ­րօ տրա­մադ­րած են Հա­յաս­տա­նի Շի­րա­կի մար­զի հա­մայնք­նե­րէն ներս վե­րա­կանգ­նուող ու­ժա­նիւ­թի հա­մա­կարգ­եր հաս­տա­տե­լու հա­մար։ «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, այս ծրագ­րի նպա­տակն է անվ­ճար ու­ժա­նիւ­թի օգ­տա­գոր­ծու­մը, ինչ որ ներ­կա­յիս ար­դիա­կան կը դառ­նայ ե­լեկտ­րա­կան ու­ժա­նիւ­թի սա­կա­գի­նի պար­բե­րա­կան բարձ­րաց­ման խնդրի հա­մա­տես­քին մէջ։ Ա­րե­ւու ու­ժա­նիւ­թի օգ­տա­գործ­ման հա­մար, սա­կայն, սպա­ռո­ղը հա­մա­պա­տաս­խան հա­մա­կար­գի տե­ղադր­ման բա­ւա­կան մեծ գու­մար մը պէտք է յատ­կաց­նէ։ Մաս­նա­գէտ­նե­րը տուեալ պա­րա­գա­յին գնա­հա­տած են Շի­րա­կի մար­զի ա­րե­ւու պա­շա­րը եւ յան­գած են այն ար­դիւն­քին, թէ այդ մէ­կը շատ նպաս­տա­ւոր է։ ԵՄ-ի հո­վա­նա­ւո­րած այս ծրագ­րին նպա­տակն է ա­րե­ւա­յին հա­մա­կար­գե­րու ա­ռա­ւել լայն օգ­տա­գործ­ման խթա­նու­մը։ Շա­հագր­գիռ­նե­րը հա­մո­զուած են, թէ ներ­կայ ծրա­գի­րը պէտք է ըլ­լայ ա­ռա­ջին պայ­թիւ­նը, իսկ ա­ւե­լի վերջ պէտք է ու­նե­նայ իր շա­րու­նա­կու­թիւ­նը։ Նոյն նա­խագծին շրջա­նակ­նե­րէն ներս, Շի­րա­կի մար­զի տա­րած­քին մէջ պի­տի կա­ռու­ցուին յա­տուկ ցու­ցադ­րա­կան կեդ­րոն­ներ եւ փա­փա­քող­ներ հնա­րա­ւո­րու­թիւն պի­տի ու­նե­նան ծա­նօ­թա­նա­լու ա­րե­ւա­յին հա­մա­կար­գե­րու աշ­խա­տան­քին։ Եւ­րո­միու­թեան այս ծրագ­րին պի­տի չկա­րե­նան մաս­նակ­ցիլ ան­հատ­նե­րը։ Հա­մայն­քա­պե­տա­րան­նե­րը ա­ռա­ջարկ­ներ պի­տի ներ­կա­յաց­նեն այս կամ այն հաս­տա­տու­թիւ­նը ջե­ռու­ցե­լու եւ կամ տաք ջու­րով ա­պա­հո­վե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ ԵՄ-ի այս­պէ­սով կը փա­փա­քի հա­մայնք­նե­րէն ներս ժո­ղո­վուր­դը ի­րա­զե­կել վե­րա­կանգ­նուող ու­ժա­նիւ­թի հա­մա­կար­գե­րու ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեան մա­սին։ Կ՚ակն­կա­լուի, որ հե­տա­գա­յին այս օ­րի­նա­կը ընդ­հան­րա­նայ եւ ար­դէն ան­հատ­նե­րը սկսին ի­րենց բնա­կա­րան­նե­րէն ներս հաս­տա­տել այդ հա­մա­կար­գե­րը։

Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւնն ալ ա­նընդ­հատ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ կը կա­տա­րէ ու­ժա­նիւ­թի բնա­գա­ւա­ռի պա­րա­գա­յին։ Գեր­մա­նա­կան KWF դրա­մա­տան կող­մէ յատ­կա­ցուած վար­կե­րով այս շրջա­նին Հա­յաս­տա­նի եւ Վրաս­տա­նի մի­ջեւ կը կա­ռու­ցուի ե­լեկտ­րա­հա­ղորդ­ման գիծ մը, ո­րու շնոր­հիւ հայ­կա­կան կող­մը պի­տի կա­րե­նայ ե­լեկտ­րա­կան ու­ժա­նիւթ ար­տա­ծել։ Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան յայտ­նեց, որ Վրաս­տա­նի ա­ռըն­թեր, Հա­յաս­տան կը պատ­րաս­տուի Ի­րա­նի հետ եւս ձեռ­նար­կել մեծ ծրագ­րե­րու նոյն բնա­գա­ւա­ռէն ներս։ Եր­րորդ բարձ­րա­վոլթ ե­լեկր­տա­հա­ղորդ­ման գծի շի­նա­րա­րու­թեան ա­ռըն­թեր բնա­կան կա­զի փո­խա­նակ­ման եւ զու­գա­հե­ռա­բար ե­լեկտ­րա­կան ու­ժա­նիւ­թի ար­տադ­րու­թեան ծրագ­րերն ալ կը գտնուին օ­րա­կար­գի վրայ։ Ի­րան-Հա­յաս­տան ե­լեկտ­րա­հա­ղորդ­ման նոր գի­ծը 107 մի­լիոն եւ­րօ կ՚ար­ժէ։ Շուրջ եր­կու տա­րուան ըն­թաց­քին շի­նա­րա­րու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րը պի­տի ա­ւար­տին։ Այս գի­ծը հնա­րա­ւո­րու­թիւն պի­տի ըն­ձե­ռէ աշ­խու­ժաց­նե­լու հա­մար երկ­րին տնտե­սու­թիւ­նը։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2015