Երկուշաբթի 17, Մարտ 2025
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳՈՐԳԵՐՈՒ ԱՐՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱՃԱԾ
Հայկական գորգերու արտադրութիւնը առաջին կիսամեակին 72.2 տոկոսով աճած է։ Այսպէս, հայկական գորգերու արտադրութիւնը այս տարի զգալիօրէն աճած է: Այս մասին կը տեղեկացնեն Հայաստանի վիճակագրական կոմիտէէն:
Կոմիտէին հրապարակած տուեալներուն համաձայն, 2018 թուականի առաջին կիսամեակին Հայաստանի մէջ արտադրուած են 12.4 թոն գորգ եւ գորգեղէն, որ 2017 թուականի նոյն ժամանակահատուածին հետ համեմատած՝ աճած է 72.2 տոկոսով:
Միւս կողմէ, նախորդ տարուան յունուար-յունիս ամիսներուն միջեւ Հայաստանի մէջ արտադրուած է 7.2 թոն գորգ:
Շաբաթ, Սեպտեմբեր 22, 2018