ՓՈՒԹԻՆ ԴԷՊԻ ԵՐԵՒԱՆ

Վաղը Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գագաթաժողովը։ Ներկայիս Հայաստան այս կազմակերպութեան շրջանային նախագահ երկիրն է, ուստի կը հիւրընկալէ գագաթաժողովը, որուն համար վաղը Երեւան պիտի մեկնի նաեւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին։ Գագաթաժողովի տանտէրն է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։ ՀԱՊԿ-ի գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս նախատեսուած է նաեւ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Վլատիմիր Փութինի հանդիպումը։ Իրականութեան մէջ, հայկական կողմին տեսակէտէ այս գագաթաժողովին ամբողջ իմաստն ու կարեւորութիւնը կը բիւրեղանայ այս տեսակցութեան մէջ։ Արդարեւ, Արցախի երկրորդ պատերազմէն ի վեր վաղուց ապացուցուած է, որ ՀԱՊԿ Հայաստանի տեսակէտէ սնանկ կազմակերպութիւն մըն է եւ իր դիմագրաւած ճակատագրական մարտահրաւէրներու ճանապարհին Հայաստան որեւէ ձեւով չի կրնար ապաւինիլ այս կազմակերպութեան՝ որպէս ռազմավարական լծակ։ Պատահական չէ, որ ՀԱՊԿ-ի Երեւանի գագաթաժողովէն առաջ Մոսկուայէն հնչեց հերթական յայտարարութիւնը, որով այս բոլորը կը հաստատուի։ Ռուսաստանի Դաշնակցութեան խորհուրդի փոխ-նախագահ Քոնստանդին Քոսաչեւ յայտարարեց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան հակամարտութիւնը ՀԱՊԿ-ի իրաւասութեան չի վերաբերիր։ Պաքուէն հնչած յայտարարութիւններն ալ եկան ամբողջացնել այս պատկերը։ Արդարեւ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ յայտնեց, որ իր երկիրը ՀԱՊԿ-ի մէջ աւելի շատ ընկերներ ունի՝ քան Հայաստանը։

Ուստի, վաղը նախատեսուած բանակցութիւններուն ժամանակ Փաշիեան եւ Փութին երկկողմանի յարաբերութիւններու շրջանակին մէջ կ՚արժեւորեն տարածաշրջանի իրավիճակը եւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն վերաբերեալ ամբողջ բարդ հարցերը։ Փաշինեան Փութինին հետ կը մէկտեղուի՝ հազիւ քանի մը օր առաջ  Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հետ ունեցած հանդիպումէն վերջ։ Այդ տեսակցութիւնը տեղի ունեցած էր Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան 18-րդ գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս, Թունուսի Ճերպա քաղաքին մէջ։ Փաշինեան եւ Մաքրոն կարծիքներ փոխանակած էին Հարաւային Կովկասի կայունութեան եւ անվտանգութեան ապահովման ուղղեալ քայլերու իրականացման շուրջ։ Անոնք շեշտած էին Ատրպէյճանի բռնութեան հետեւանքներու վերացումն ու Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն Ատրպէյճանի ստորաբաժանումներու դուրսբերման անհրաժեշտութիւնը։ Այժմ, Փաշինեան նոյն հիմնական առանցքներուն շուրջ քննարկումներ կը ծաւալէ նաեւ Փութինի հետ՝ մինչ Արեւմուտք-Մոսկուա յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութիւնը հասած է գագաթնակէտին։

Միւս կողմէ, Փութինի Երեւան այցելութեան ընդառաջ Ատրպէյճանի բանակը շարունակեց հրադադարի խախտումները՝ թէ՛ Հայաստանի հետ սահմանին վրայ եւ թէ՛ կրակ բանալով նաեւ Արցախի դէմ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2022