ԴԱՐՁԵԱԼ ԴԷՊԻ ԴԱՏԱՐԱՆ
«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր, նահատակ լրագրող-հրապարակագիր Հրանդ Տինքի ոճրագործը՝ Օկիւն Սամաստ վերստին դատուիլ պիտի սկսի յառաջիկայ դեկտեմբերի 26-ին։ Օկիւն Սամաստ, որ վերջերս բանտէն ազատ արձակուած էր, այժմ պիտի դատուի՝ մինչեւ տասներկու տարի բանտարկութեան պահանջով։
Սամաստի բանտէն դուրս գալէն անմիջապէս վերջ դատական իշխանութիւնները արդէն ընդունեցին իր պարագային պատրաստուած նոր մեղադրականը։ Իսթանպուլի Հանրապետական աւագ դատախազութեան կողմէ պատրաստուած ամբաստանագրին արդէն ընթացք տրուեցաւ։ Նկատի ունենալով, որ ոճրագործութիւնը կատարած թուականին Օկիւն Սամաստ 18 տարեկանէն փոքր էր՝ իր դատավարութիւնը տեղի պիտի ունենայ Իսթանպուլի Բ. անչափահասներու քրէական ատեանին մէջ։ Օկիւն Սամաստ կը մեղադրուի՝ ՖԵԹԷՕ ահաբեկչական կազմակերպութեան անունով մարդասպանութեամբ։
Նոր գործընթացին մէջ դատական իշխանութիւնները որպէս բողոքարկու նկատած են հոգելոյս Հրանդ Տինքի ընտանիքի անդամները. ինչպէս՝ այրին՝ Ռաքել Տինքը, որդին, դուստրեր եւ եղբայրը։