ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՏՈՒՐՔ

Նիւ Եորքի Հանրային գրադարանի ընկերային հետազօտութիւններու կեդրոնը անուանակոչուեցաւ՝ ամերիկահայ պատմաբան, «Աւրորա» միջազգային մարդասիրական մրցանակի համահիմնադիր Վարդան Գրիգորեանի անունով։ Հայաստանի Ազգային գրադարանի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Վարդան Գրիգորեանի պատուին վերանուանուած այս հետազօտութիւններու կեդրոնը բաղկացած է չորս ընդհանուր ուսումնական դասասենեակներէ եւ երկու անուանական սրահներէ։ Կեդրոնը ունի նաեւ այլ ծրագրային տարածքներ հետազօտական ձեռնարկներու համար, որոնց ընթացքին լայնօրէն կ՚օգտագործուին գրադարանի հաւաքածոները։ Անոնք կ՚ընդգծեն հետազօտութիւններու համար գրադարանէն ներս ստեղ-ծըւած հնարաւորութիւնները։ 

«Վարդան Գրիգորեան» կեդրոնը գիտաշխատողներուն կ՚առաջարկէ աշխատասենեակներ, կրթաթոշակներ եւ ուսումնական գրասենեակի հասանելիութիւն։ Այդ կարելիութիւնները ի սպաս կը դրուին նաեւ հետազօտողներու եւ գրողներու համար, որոնց աշխատանքը կը շահի գրադարանի հաւաքածոներու խտացեալ օգտագործումէն։

Վարդան Գրիգորեան կենդանութեան տարիներուն մեծապէս նպաստած էր Նիւ Եորքի Հանրային գրադարանի վերականգնման ու վերածնունդին։ 1981-1989 թուականներուն ան եղած էր այս գրադարանի նախագահը։ Իր ղեկավարութեան շրջանին գրադարանը դարձած էր՝ համաշխարհային համբաւով կրթական հաստատութիւն մը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2023