ԶԱՆԳԵԶՈՒՐԻ ՄԻՋԱՆՑՔԻՆ ՇՈՒՐՋ ԲԱՆԱՁԵՒՈՒՄՆԵՐՈՒ ԶԱՆԱԶԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Թուրքիոյ նախագահը վերստին արծարծած է՝ Թուրքիա-Ատրպէյճան դաշինքին հայկական կողմին ուղղեալ նախապայմանը: «Զանգեզուրի միջանցք»ը նախ ուղղութիւն կը փոխէ, յետոյ՝ գրաւչութիւն, ապա կը մեկնաբանուի Հայաստանի շրջանցումով, յետոյ վերստին կը սպրդի յայտարարութիւններու բովանդակութեան մէջ, կը վերածուի Նախիջեւան-Ատրպէյճան հաղորդուղիի, կը կորսուի յանկարծ ընդհանուր ապաշրջափակման ոլորապտոյտներուն մէջ, հիմա ալ Էօզպեքիստանի մէջ Թուրքիոյ նախագահին ճամբով կը վերածուի խաղաղութեան հաստատման նախապայմանի՝ իբրեւ Ատրպէյճանը Նախիջեւանին կապող փոխադրական գիծ, Մերձաւոր Արեւելք-Արեւմուտք կամուրջի տարազին տակ:

Փաստօրէն Թուրքիա-Ատրպէյճան դաշինքը չէ հրաժարած թուրանական կամուրջի իր ծրագիրէն. կամուրջ ո՛չ միայն Իրանի ճամբով, այլ՝ Հայաստանի: Նախապայմանային քաղաքականութեան արդի հանգոյցն է Սիւնիքը, որուն օգտագործումը թէ՛ Անգարայի եւ թէ Պաքուի համար հրամայական է:

Այս հանգուցակէտին միջտարածաշրջանային տարողութիւն հաղորդած է Թուրքիոյ նախագահը, երբ ընդգծած է, որ մեծցած է Մերձաւոր Արեւելք-Արեւմուտք միջանցքի նշանակութիւնը, հետեւաբար պէտք է աշխատիլ, որպէսզի այդ հաղորդուղիները գործարկուին:

Անգարայի վարիչին բառերով նոր ձեւակերպում կը ստանայ այսպիսով Սիւնիքի կամուրջի կարգավիճակը: Սիւնիքը այս ձեւով կը դառնայ Մերձաւոր Արեւելքն ու Արեւմուտքը իրար կապող խաչմերուկ: Նախիջեւան-Ատրպէյճան կապին մասին խօսելէ ետք Էրտողան փաստօրէն հսկայական ոստումով անցում կը կատարէ՝ տարածաշրջաններ իրար կապող հանգամանքին մասին խօսելով:

Արեւելքն ու Արեւմուտքը իրար կապելու այս նոր առաջադրանքով Անգարան կը հրաւիրէ երկու տարածաշրջաններու ուժերը՝ համաձայնելու Զանգեզուրի կամուրջը բանալու սկզբունքին շուրջ: Խուսանաւումը օգտագործուած եզրերով ինքզինք զգալի կը դարձնէ: Նախիջեւան-Ատրպէյճան կապի մասին կը խօսի, մինչ միջանցք բառը կ՚օգտագործէ Մերձաւոր Արեւելք-Արեւմուտք ցամաքային նոր բացուելիք ճանապարհներուն համար:

Ուրեմն կ՚արձանագրուի, որ Արցախի հարցին լուծումէն ետք Թուրքիա-Ատրպէյճան դաշինքը կը կեդրոնանայ Սիւնիքին վրայ՝ առաջադրուած միջանցքը գործարկելու եւ անոր համար միջտարածաշրջանային ճնշում ապահովելու:

Այստեղ ուղերձներ կան թէ՛ Թեհրանին եւ թէ Մոսկուային: Առաջինին պարագային ըսել կ՚ուզուի, որ Իրանի վրայով նոր կամ վերակառուցուելիք ճամբաները չեն փոխարիներ Սիւնիքի վրայով բացուելիք ուղիները, հետեւաբար Իրան պիտի չունենայ ռազմավարական այդ կապը վերահսկելու մենաշնորհը: Իսկ Ռուսաստանն ալ պիտի իմանայ, որ միայն իր կողմէ պիտի չվերահսկուի համաշխարհային նշանակութեամբ այդ ճամբան: Յատկապէս Արեւմուտքը նաեւ հասցէագրելով իբրեւ այս ճանապարհի կարեւոր ուղղութիւն՝ Անգարան այս ձեւով ռուսական առանձնաշնորհումը կը չէզոքացնէ:

Միջանցքի կարգավիճակին շուրջ Թուրքիոյ կատարած ձեւախեղումները յարափոփոխ են՝ ինչպէս վերը նշուեցաւ: Փաստօրէն այս մասին Էրտողան յայտարարած էր նաեւ Աստանայի մէջ, Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան 10-րդ վեհաժողովին ժամանակ՝ մասնաւորապէս նշելով, որ Նախիջեւանը Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջաններուն հետ կապող ուղիի իրականացումը կարեւոր է ո՛չ միայն տարածաշրջանի երկիրներուն համար, այլեւ անիկա կը կապէ Թուրքիան Կեդրոնական Ասիոյ հետ:

Ահա՛ բուն նպատակը, որ ծուարած է Մերձաւոր Արեւելք-Արեւմուտք միջանցքի տարազին տակ:

ՇԱՀԱՆ  ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2023