ԺԱՄԱՆԱԿԱՒՈՐ ՀՐԱԴԱԴԱՐ
Համաշխարհային հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը շաբաթներէ ի վեր կեդրոնացած կը մնայ Իսրայէլ-Պաղեստին սարսափելի պատերազմին վրայ։ TRT-ի հաղորդումներով, բարեբախտաբար, ի վերջոյ դրական լուր մը հասաւ Կազզէէն, ուր 4 օրուան ժամկէտով հրադադար հաստատուեցաւ։ Իսրայէլի կառավարութեան եւ «Համաս»ի միջեւ գոյացած համաձայնութեան հիման վրայ հռչակուած է ժամանակաւոր հրադադարը։ Մինչ Կազզէն ամբողջութեամբ պաշարուած կը մնար, ստեղծուած ծանր իրավիճակին մէջ «Համաս»ի ղեկավար Իսմայիլ Հանիյէ երէկ հանդէս եկաւ ուշագրաւ յայտարարութիւններով։ Ան առաջին փուլին տեղեկացուց, որ մօտ էր հրադադարի հաստատումը։ Երէկուան այս յայտարարութիւններէն վերջ, «Համաս»ի աղբիւրները արդէն յաւելեալ մանրամասնութիւններ հաղորդեցին ընկերային ցանցերու վրայ։
Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով, Քաթարի միջնորդութեամբ կողմերը միջոցէ մը ի վեր յառաջ կը տանէին բանակցութիւններ։ Անցեալ հոկտեմբերի 7-ին «Համաս»ի կողմէ ձեռք անցուած՝ մեծամասնութիւնը իսրայէլացի շուրջ 240 գերիի ազատ արձակման փոխարէն կը նախատեսուէր Կազզէի մէջ հրադադար հաստատել։ Ցարդ, Իսրայէլի բանակի գործողութիւններուն հետեւանքով այնտեղ աւելի քան 13 հազար հոգի մահացած է։ Բանակցութիւններու օրակարգին վրայ կը գտնուէր նաեւ՝ Իսրայէլի մէջ բանտարկուած կարգ մը պաղեստինցիներու ալ ազատ արձակուիլը՝ ներառեալ կանայք եւ երեխաներ։
Այս բոլորի լոյսին տակ Իսմայիլ Հանիյէ երէկ դադրեցուց լռութիւնը եւ ընկերային ցանցերու վրայ առաջին ազդանշանը տուաւ, որ կողմերը համաձայնութեան մօտեցած են հրադադարի հարցին շուրջ։
Ըստ կողմերու միջեւ գոյացած համաձայնութեան, Իսրայէլ Կազզէի հատուածի ամբողջ տարածքէն ներս պիտի դադրեցնէ զինուորական գործողութիւնները՝ ներառեալ ռազմական ինքնաշարժներու երթեւեկը։ Մարդասիրական օժանդակութեան հարիւրաւոր բեռնատարներու Կազզէ մուտքին թոյլ պիտի տրուի՝ ներառեալ բժշկական նիւթերու եւ վառելանիւթի բեռնատարները։ Կազզէի հարաւին քառօրեայ ժամանակաւոր հրադադարի տեւողութեան տրոնները կանգ պիտի առնեն։ Իսկ հիւսիսին, տեղական ժամով՝ 10.00-16.00-ին, այսինքն օրը 6 ժամ կանգ պիտի առնեն։ Հրադադարի շրջանին Իսրայէլ Կազզէի հատուածի որեւէ տարածքէն ներս ոեւէ մէկուն վրայ պիտի չյարձակի կամ ոեւէ մէկը պիտի չձերբակալէ։ Սալահատտինի պողոտայի երկայնքով երաշխաւորուած պիտի ըլլայ տեղաշարժի ազատութիւնը։ Իսրայէլի բանտերէն ներս ի պահ դրուած՝ 150 պաղեստինցի կանայք եւ երեխաներն ալ ազատ պիտի արձակուին։
«Համաս»ի կողմէ հրապարակուած այս մանրամասնութիւններուն զուգահեռ՝ Իսրայէլի կառավարութեան աղբիւրներն ալ հանդէս եկան յայտարարութիւններով։ Վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուի գլխաւորութեամբ նախարարաց խորհուրդը ժողով մը գումարեց՝ գերիներու փոխանակման ուղղեալ համաձայնութիւնը քննարկելու համար։ Նեթանիյահուի գրասենեակը եւս մանրամասնութիւններ հրապարակեց՝ Իսրայէլի կառավարութեան հաւանութեան արժանացած համաձայնութեան շուրջ։ Այս առթիւ ընդգծուեցաւ, որ իւրաքանչիւր 10 գերիի ազատ արձակումը պիտի ապահովէ բախումներու դադարի եւս մէկ օր երկարաձգումը։
Իսրայէլի կառավարութիւնը երէկ գիշեր հաւանութիւն տուած է, որ իսրայէլացի գերիներու բոլորի վերադարձման նպատակին առաջին փուլը կեանքի կոչուի։