ՊԱՀԸ ԿԸ ՄՆԱՅ ԾԱՆՐ

Հայկական օրակարգին մէջ էական խնդիր մնալ կը շարունակէ՝ Արցախէն տեղահանուելով Հայաստանի մէջ ապաստան գտածներուն օժանդակութեան հարցը։ Բնակարանային կարիքներ, առողջապահական ոլորտ, ընկերային խնդիրներ, ամսավճարներ ու անոնց բոլորի կողքին կրթութեան կազմակերպում…

Արցախցի մեծ թիւով ուսանողներ, որոնք արդէն իսկ կը յաճախեն Երեւանի Պետական համալսարանի տարբեր բաժանմունքներ, կարիքն ունին անմիջական նեցուկի։ Հիմնական խնդիրը կը շարունակէ մնալ ուսման վարձը, որ դարձած է բեռ գրեթէ բոլոր տեղահանեալներուն համար։ Արդարեւ, բացի տուն-տեղ կորսնցնելէ, անոնք կորսնցուցած են նաեւ իրենց աշխատանքը։ Եւ այս ընդհանուր մթնոլորտին մէջ բարեբախտութիւն է, անշուշտ, որ Հայաստանի պետութեան, նաեւ հասարակական կազմակերպութեանց կողմէ կը գործադրուին մեծ ջանքեր։ Տակաւին կան անհատներ ու միութիւններ, որոնք կը փութան օգնութեան ձեռք երկարելու Արցախի հայրենակորուստ հայերուն։

Այս ամբողջին մէջ ուշագրաւ է Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմը։ Ի դէպ, այս կապակցութեամբ եւ յատկապէս Երեւանի Պետական Համալսարան (ԵՊՀ) յաճախող արցախցի ուսանողներուն տրուած նեցուկին մասին վերջերս կարեւոր տեղեկութիւններ հրապարակուեցան Արեւմտեան թեմի Թեմական խորհուրդի ատենապետ Վարդան Նազիրեանի կողմէ։

Լրագրող Ալինա Խաչատրեանի հետ զրոյցի ընթացքին ան շեշտած է, որ կարգախօսը կը մնայ միշտ նոյնը. «հայրենիքի հետ, հայրենիքի համար»։ Իր խօսքով՝ Արցախի հայաթափումէն ետք, Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի օրհնութեամբ յանձնախումբ մը կազմուեցաւ։ «Յանձնախումբը 2023 թուականի հոկտեմբերին ուղղուեցաւ Հայաստան, Արցախի տխուր դէպքերէն ու տեղահանումէն շուրջ մէկ ամիս ետք: Մեր նպատակն էր տեսնել վիճակը եւ ստուգել կարիքները։ Այցելեցինք շուրջ քառասուն գիւղ եւ տեսանք, թէ բարեբախտաբար արդէն տեղահանեալ ընտանիքները հաստատուած էին այդ գիւղերուն մէջ։ Իրենց տրամադրուած էին վարձու տուներ եւ անոնց դրամական օգնութիւն կը յատկացուէր: Մենք ալ կոկիկ գումար մը հաւաքած էինք եւ մեր ալ նպատակն էր օժանդակել տեղահանեալներուն: Կարիքները ստուգելով վերադարձանք։ Այդ հանդիպումներուն ընթացքին նաեւ տեսակցեցանք ԵՊՀ-ի վերատեսուչին Յովհաննէս Յովհաննիսեանի եւ օգնականին Միքայէլ Յովհաննիսեանին հետ: Տեղեկացանք, թէ ինչպէ՛ս համալսարանը կ՚օժանդակէ Արցախէն տեղահանեալ ուսանողներուն։ Ի յայտ եկաւ, որ մէկ ամսուան ընթացքին արդէն ընդունուած են ութ հարիւր արցախցի ուսանողներ: Պետութիւնը բարեբախտաբար այդ համալսարանականներու ուսումնավճարին 70 տոկոսը վճարած է: Անոնք մեզի դիմեցին, որպէսզի կարենանք ձեւով մը օժանդակել այդ համալսարանականներուն։ Վերադարձին որոշեցինք 100 հազար տոլար յատկացնել այս նպատակին համար։ Այս գումարը փոխանցուեցաւ, որպէսզի ուսանողները կարենան աւարտել համալսարանական տարեշրջանը: Հիմա կ՚աշխատինք երկրորդ տարեշրջանին համար: Ինծի համար յուզիչ եւ համոզիչ էր, որ առաջին անգամ թափանցիկութեան այսպիսի մակարդակ մը ապահովեցինք։ Ամէն տեսակ հարցման պատասխանը անմիջապէս կ՚ունենայինք։ Անցեալ յուլիսի վերջաւորութեան վերատեսուչն ու իր տեղակալը այցելեցին Լոս Անճելըս։ Քանի մը ժողովէ ետք կազմուեցաւ 17 տարբեր մասնագէտներէ բաղկացեալ յանձնախումբ մը՝ գլխաւորութեամբ տքթ. Արմէն Պայպուրթեանի։ Ստեղծեցինք բարեսիրական ընկերութիւն մը՝ «Friends of State University of Yerevan» անունով: Առաջին փուլին հանգանակուեցաւ 250 հազար ամերիկեան տոլար։ Անշուշտ, մեր նպատակն է բազմապատկել այդ գումարը: Մեր կոչն է, որ ԵՊՀ-ի շրջանաւարտները արձանագրուին եւ զօրակցին այս հիմնադրամին։ Անոնք կրնան այցելել մեր կայքէջը եւ ծանօթանալ նպատակներուն: Ներկայիս, մեր հիմնական առաջադրանքն է, որ Արցախէն տեղահանուած ութ հարիւր համալսարանականները կարողանան շարունակել իրենց ուսումը եւ չլքեն Հայաստանը։ Այս հիմնադրամը պիտի օժանդակէ բոլոր ուսանողներուն, այսինքն ո՛չ միայն արցախցիներուն», նշած է Նազիրեան:

Հարցազրոյցի տեւողութեան ան բացատրած է, որ մինչեւ 2020 թուականի պատերազմը սփիւռքի մէջ խանդավառութիւն կար: «44-օրեայ պատերազմէն վերջ սփիւռքի մէջ մեծ յուսախաբութիւն յառաջացաւ։ Յամենայնդէպս, դասեր պիտի քաղենք եւ պիտի հզօրացնենք պետութիւնը: Իշխանութիւնները կու գան ու կ՚երթան: Մենք պէտք է խելացի վարուինք ու կանգնինք պետութեան կողքին», նշած է ան:

Աւելի վերջ Նազիրեան ընդգծած է, որ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները թէեւ բոլորովին չեն խզուած, բայց կայ անտարբերութիւն մը: «Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք է լրջօրէն մօտենան այս հարցին: Ժամանակն է, որ այլեւս սփիւռքին աւելի տարբեր տեղ մը տրուի Հայաստանի մէջ։ Կարելի չէ սփիւռքը անտեսել: Սփիւռքի մեր երիտասարդութեան մօտ Հայաստանի եւ ազգային հարցերու պարագային կամաց-կամաց հետաքրքրութիւնը սկսած է պակսիլ: Այո՛, կը սիրեն Հայաստանը, կ՚այցելեն ու կ՚օժանդակեն, բայց, նախապատերազմեան կորովի մօտեցումները այլեւս մարած են։ Այդ մէկը պէտք է վերականգնել՝ պետութիւնը եւ երկիրը զօրացնելու համար», համոզուած է Վարդան Նազիրեան:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 22, 2024