ՌԻՈՅԻ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎԻ ԼՈՅՍԻՆ ՏԱԿ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ…
Ռիոյի մէջ կազմակերպուած Մեծն քսանեակի (G20) գագաթաժողովին արձագանգները կը շարունակուին։ Պրազիլիոյ հիւրընկալմամբ, աշխարհի յառաջատար երկիրներու՝ այսինքն մեծագոյն տնտեսութիւններու ղեկավարները ծաւալեցին բազմակողմանի քննարկումներ, որոնք կեդրոնացան երկրագունդի հրատապ օրակարգին՝ կլիմայի փոփոխութեան, սովի վտանգաւոր հեռանկարներուն եւ այլ յարակից հարցերուն շուրջ։
Գագաթաժողովի լոյսին տակ կը շարունակուին միջազգային արժեւորումները։ Մասնագիտական շրջանակներէ սկսեալ՝ մինչեւ վերլուծաբաններ, G20-ի գագաթաժողովի լոյսին տակ արդէն կը ջանան հետեւութիւններ ընել այս օրակարգերու վերաբերեալ նիւթերու ապագայ հաւանական ընթացքին կապակցութեամբ։ Յամենայնդէպս, բոլորի հասարակաց մտահոգութիւնը այն է, թէ այս խնդիրները կը պահանջէ ամուր ու միասնական քաղաքական կամք, իսկ ներկայ պահուն միջազգային բեմահարթակի վրայ այնպիսի իրադրութիւն մը կը տիրէ, որ որեւէ խնդրի պարագային միասնականութեան հասնիլ հնարաւոր չ՚ըլլար։ Այս հակասական իրավիճակին մէջ է, որ կլիմայի փոփոխութեան եւ սովի վտանգաւոր հեռանկարներու դէմ պայքարի խնդիրները պիտի հունաւորուին յառաջիկային։