ՎԻԳԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՇՓՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ԹԻՖԼԻԶԻ ՄԷՋ
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան վերջին օրերուն շփումներ ունեցաւ Թիֆլիզի մէջ, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Վրաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Ան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Վրաստանի Վարչապետ Կիորկի Քվիրիքաշվիլիի հետ։ Այս առթիւ ընդգծուեցաւ, որ երկու երկիրներու բարեկամական յարաբերութիւնները կը գտնուին բարձր մակարդակի վրայ։ Քննարկուեցան պաշտպանական ոլորտի մէջ համագործակցութեան ամրապնդման վերաբերեալ հարցեր։ Կարծիքներ փոխանակուեցան նաեւ տարածքաշրջանային անվտանգութեան վերաբերեալ հարցերու շուրջ։ Կողմերը շեշտեցին տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան ու կայունութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը՝ որպէս երկիրներու կայուն զարգացման նախապայման։
Վիգէն Սարգսեան Թիֆլիզի մէջ ընդունուեցաւ նաեւ իր վրացի պաշտօնակցին՝ Լեւան Իզորիայի կողմէ։ Նախարարները կանգ առին երկկողմանի ռազմական համագործակցութեան եւ ապագայ ծրագրերուն վրայ։ Անոնք անդրադարձան նաեւ տարածքաշրջանային անվտանգութեան խնդիրներուն։
Պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս Հայաստանի եւ Վրաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւններու միջեւ ստորագրուեցաւ 2017 թուականի երկկողմանի համագործակցութեան ծրագիրը։ Սարգսեան եւ Իզորիա սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը՝ ամփոփելով բանակցութիւններու արդիւնքները։
Թիֆլիզի մէջ Վիգէն Սարգսեան հանդիպում մըն ալ ունեցաւ՝ Վրաց ուղղափառ եկեղեցւոյ Իլիա Բ. Կաթողիկոս-պատրիարքին հետ։
Միւս կողմէ, Վիգէն Սարգսեան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պատերազմի վերսկսումը սպառնալիք կը դառնայ ամբողջ Հարաւային Կովկասի համար։ «Lenta.ru» կայքէջին տուած հարցազրոյցին մէջ նախարարը հաւանական համարեց հակամարտութեան վերսկսումը։ Դժբախտաբար, աւելի քան քսան տարիէ ի վեր Պաքու կը կացինահարէ խաղաղութեան գործընթացը։ Հետեւողականօրէն կը ձախողին այն բոլոր ջանքերը, որոնք միջազգային հանրութեան կողմէ կը գործադրուին՝ հակամարտութեան կարգաւորման ուղիներ փնտռելու համար, ի դէմս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն։
«Մենք մեր աշխատանքը յառաջ կը տանինք ռազմական գործողութիւններու վերսկսման հաւանականութեան կանխավարկածով», ըսաւ նախարարը եւ աւելցուց, որ Հայաստանի եւ տարածքաշրջանի երկիրներուն համար ձեռնտու չէ հակամարտութեան վերսկսումը։ Ան յիշեցուց, որ Երեւան երաշխաւորն է Լեռնային Ղարաբաղի անվտանգութեան եւ պիտի պարտաւորուի ներգրաւուելու բախումներու մէջ։