ԵՐԵՒԱՆԻ ՀԵՏ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ Կ՚ԸՆԹԱՆԱՅ
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարեց, որ Թուրքիա բոլոր բնագաւառներէ ներս իր յարաբերութիւնները կը զարգացնէ եղբայրական Ատրպէյճանի հետ։
Ազգային մեծ ժողովէն ներս, իր գլխաւորած նախարարութեան 2024 թուականի պիւտճէին վերաբերեալ քննարկումներուն ժամանակ Հաքան Ֆիտան անդրադարձաւ նաեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն։ Իր խօսքով՝ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ տեղի ունեցած Ղարաբաղի երկրորդ պատերազմէն վերջ ի յայտ եկած խաղաղութեան պատմական հնարաւորութիւնը ա՛լ աւելի ամրապնդուած է։ «Եղբայրական Ատրպէյճանի հետ՝ դաշնակցային մակարդակի բարձրացուած մեր յարաբերութիւնները բոլոր բնագաւառներէ ներս կը զարգացնենք։ Բռնագրաւումէ ազատագրուած տարածքներու վերակառուցման համար աջակցութիւն կը ցուցաբերենք։ Հայաստանի հետ մեր ձեռնարկած բնականոնացման գործընթացը պիտի շարունակենք՝ Ատրպէյճանի հետ սերտ համակարգումով, տարածաշրջանային իրադարձութիւններն ալ նկատի առնելով», ըսաւ նախարարը։
Խորհրդարանի ելոյթին ժամանակ Ֆիտան նշեց, որ կարգ մը երրորդ երկիրներ 1915 թուականի դէպքերուն վերաբերեալ անհիմն պնդումները վերստին օրակարգի վրայ կը բերեն։ Ուստի, ան զգուշացուց, որ սա կրնայ կացինահարել բնականոնացման գործընթացը եւ այդ երկիրները լաւութիւն չեն ըներ Հայաստանին։
Հաքան Ֆիտան խօսեցաւ նաեւ Իրանի հետ յարաբերութիւններուն մասին՝ այդ ծիրէն ներս անդրադառնալով Հարաւային Կովկասի համար նախատեսուած «3+3» ձեւաչափի համագործակցութեան հարթակին։ Իր խօսքով՝ Թուրքիա Ատրպէյճանի հետ միասին յառաջ կը տանի այդ հարթակը եւ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով առաջին ժողովը տեղի ունեցած է Թեհրանի մէջ։ Յաջորդ ժողովը 2024 թուականին նախատեսուած է Թուրքիոյ մէջ։
Ի լրումն այս բոլորին, Հաքան Ֆիտան տեղեկացուց, որ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի մօտաւոր ապագային Թուրքիա պիտի այցելէ՝ երկու երկիրներու բարձր մակարդակի համագործակցութեան խորհուրդի 8-րդ ժողովին առթիւ։