ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՒԱԾ ՔԱՅԼԵՐ

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Նիւ Եորքի մէջ երկկողմանի տեսակցութեան ընթացքին կարծիքներ փոխանակեցին Հարաւային Կովկասի իրավիճակին շուրջ։ Անոնք ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի Պաղեստինի վերաբերեալ այսօրուան քննարկման համար կը գտնուէին Նիւ Եորքի մէջ, ուր ունեցան երկկողմանի հանդիպում մը։ Անգարա-Մոսկուա յարաբերութիւնները այս շրջանին չափազանց կարեւորութիւն կը ներկայացնեն տարածաշրջանային տեսակէտէ եւ շատ բան պայմանաւորելու ներուժը ունին, որովհետեւ, ըստ էութեան, անոնց շահերը կը համընկնին։

Նիւ Եորքի հանդիպումէն վերջ հաղորդուեցաւ, որ Ֆիտան եւ Լաւրով կարծիքներ փոխանակած են շարք մը միջազգային հարցերու շուրջ՝ ներառեալ Հարաւային Կովկասի իրավիճակը։ Բանակցութիւններու ընթացքին անոնք հաստատած են Մերձաւոր Արեւելքի եւ Անդրկովկասի հրատապ խնդիրներու լուծման ուղղեալ քայլերը համակարգելու անհրաժեշտութիւնը։ Կողմերը հաւաստած են իրենց քայլերը համակարգելու անհրաժեշտութիւնը՝ ի շահ տարածաշրջանային սուր խնդիրներուն համար փոխադարձ ընդունելի լուծումներ գտնելու՝ առաջին հերթին Կազզէի եւ Սուրիոյ մէջ, իսկ ընդհանուր առմամբ Մերձաւոր Արեւելքէ ներս, Սեւ ծովու աւազանի պարագային, ինչպէս նաեւ Անդրկովկասի իրավիճակին գծով։

Ֆիտան-Լաւրով հանդիպման զուգահեռ՝ Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնն ալ հերթական անգամ վերաբերմունք արտայայտեց Հարաւային Կովկասի կապակցութեամբ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան փոխ-բանբեր Վետանթ Փաթել յայտնեց, որ իր երկիրը շահագրգռուած է Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւններով։

Եւրոպական կառոյցներէն ալ երէկ յայտարարութիւններ հնչեցին նոյն կապակցութեամբ։ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու Պրիւքսէլի հերթական ժողովի օրակարգին վրայ էր Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորումը։ Ժողովէն վերջ Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորէլ յայտնեց, որ Ատրպէյճան պէտք է վերադառնայ Հայաստանի հետ հաստատուն խաղաղութեան ու կարգաւորման երկխօսութեան։

Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւի վերջին յայտարարութիւնները՝ տարածքային հաւակնութիւններու մասին, խիստ մտահոգիչ են։ «Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան որեւէ խախտում պիտի ըլլայ անընդունելի եւ լրջագոյն հետեւանքներ պիտի ունենայ Ատրպէյճանի հետ մեր յարաբերութիւններուն համար», ըսաւ Ժոզէֆ Պորէլ։

Պաքուի իշխանութիւնները անմիջապէս արձագանգեցին եւրոպացի յանձնակատարի խօսքերուն։ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ժոզէֆ Պորէլը մեղադրեց Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի տարածքներու վերաբերեալ Ալիեւի տեսակէտները խեղաթիւրած ըլլալու համար։

Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովէն ներս ալ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները կը շարունակեն զբաղեցնել օրակարգը։ ԵԽԽՎ-ի ձմեռային նստաշրջանի ժամանակ Եւրոխորհուրդի Մարդու իրաւանց յանձնակատար Տունիա Միաթովիչ յայտնեց, որ Եւրոխորհուրդը պէտք է աշխատի Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան հասնելու ուղղութեամբ։ Ան շեշտեց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան երկարատեւ հակամարտութեան ընթացքին մարդու իրաւանց էական խախտումներ եղած են։

Մինչ այդ, հայկական լրահոսին մէջ ուշադրութիւն գրաւեցին կարգ մը հրապարակումներ, ըստ որոնց ԵԽԽՎ կրնայ Ատրպէյճանի պատուիրակութեան լիազօրութիւնները սահմանափակել՝ Լաչինի միջանցք զեկուցողներու մուտքի արգիլման հետեւանքով։

Այս բոլոր իրադարձութիւնները տեղի կ՚ունենան, երբ մինչեւ ամսավերջ կը սպասուի Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման յանձնաժողովի հերթական նիստին՝ գլխաւորութեամբ փոխ-վարչապետներ Մհեր Գրիգորեանի եւ Շահին Մուսթաֆաեւի։ Իր կարգին, Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք Պաքուի մէջ է, ուր Շահին Մուսթաֆաեւի հետ բանակցութիւններ վարելու եւ շարք մը փաստաթուղթեր ստորագրելու առընթեր ընդունուեցաւ նաեւ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։

Երեքշաբթի, Յունուար 23, 2024