ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ
ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը Կազզէի պատերազմով պայմանաւորուած առկայ ողբերգութեան մթնոլորտին մէջ կը շարունակէ քննարկումներ ծաւալել։ Համաշխարհային կազմակերպութեան լիազօր մարմինը այսօր վերստին ժողով մը կը գումարէ Պաղեստինի հարցին շուրջ։ Միջազգային հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը հերթական անգամ կեդրոնացած է Նիւ Եորքի վրայ։ Քննարկումներուն կը մասնակցի նաեւ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը։ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովն ալ նոյն առթիւ մեկնած է Նիւ Եորք։ Նոյն առթիւ Նիւ Եորքի մէջ է նաեւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիան։ Հարկ է նշել, որ այսօրուան ժողովին ընդառաջ երկկողմանի հանդիպում մը տեղի ունեցած է Սերկէյ Լաւրովի եւ Ամիր Ապտուլլահիանի միջեւ։
Անվտանգութեան խորհուրդի այսօրուան ժողովին ընդառաջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես յայտնեց, որ Պաղեստինի ժողովուրդի՝ սեփական պետութիւն կառուցելու իրաւունքը պէտք է բոլորին կողմէ ճանչցուի։ Ան համոզուած է, թէ երկու պետութիւններու հիմունքով լուծումէն հրաժարիլը անընդունելի է։
Մինչ Պաղեստինի բնակիչները զանգուածային գաղթի ճանապարհը բռնած են, միջազգային աղբիւրները արձագանգ կը հանդիսանան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու լրաքաղութեան աղբիւրներու դիտարկումներուն, ըստ որոնց Իսրայէլ այս պատերազմին մէջ իր նպատակներէն շատ հեռու մնացած է։ Զինուորական մասնագէտներ կը նշեն, որ «Համաս»ի անդամները ընտելացած են այժմու վիճակին ու բաւականաչափ զէնք ու զինամթերք ունին՝ տակաւին ամիսներ շարունակ թիրախաւորելու համար Իսրայէլն ու անոր բանակի Կազզէի տարրերը։
Ամերիկեան հեղինակաւոր «The Wall Street Journal»ն ալ հաղորդեց, որ Իսրայէլ պատերազմի ամենավտանգաւոր փուլը թեւակոխած է։ Առկայ վիճակին մէջ բաւական դժուար ըլլալ կը թուի Իսրայէլի կողմէ «Համաս»ի ոչնչացումը։