ՎԱՐՉԱՊԵՏԷՆ ԱՀԱԶԱՆԳ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի կողմէ իր երկրին վրայ յարձակումը շատ հաւանական է։ Նիկոլ Փաշինեան, որ աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Փարիզ, երէկ աւարտեց իր շփումները։ Ուղեւորութեան եզրափակիչ փուլին ան հանդիպումներ ունեցաւ Ֆրանսայի վարչապետ Կապրիէլ Աթալի եւ Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոյի հետ։ Միեւնոյն ժամանակ, «France 24» հեռուստակայանին հարցազրոյց մը տուաւ վարչապետը, որ յայտնեց, թէ Հայաստան գործնականօրէն սառեցուցած է իր մասնակցութիւնը Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ)։ Այս յայտարարութիւնը անմիջապէս գտաւ նաեւ իր արձագանգը։ ՀԱՊԿ-ի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Երեւանի կողմէ անդամակցութեան դադրեցման մասին որեւէ դիմում չեն ստացած։

Հայաստանի իշխանութիւնները կը շարունակեն ամենաբարձր մակարդակի վրայ ահազանգ հնչեցնել Ատրպէյճանի նկրտումներուն մասին։ Ստեղծուած մթնոլորտին մէջ անանտեսելի աշխուժութիւն մը կը նկատուի նաեւ Հայաստան-Ֆրանսա առանցքին վրայ։ Փաշինեան-Աթալ երէկուան հանդիպումը այս առումով վառ օրինակ մըն էր։ Կապրիէլ Աթալ յայտնեց, որ Ֆրանսա եւ Հայաստան ունին ու միշտ կ՚ունենան իւրայատուկ յարաբերութիւններ։ Ան դիտել տուաւ, որ Ֆրանսա կը շարունակէ լիակատար աջակցութիւնը՝ Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան ի նպաստ։

Մինչ այդ, Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Սեպաստիան Լըքորնիւ այսօր շփումներ կ՚ունենայ Երեւանի մէջ։ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան այս առաւօտ հիւրընկալեց իր ֆրանսացի պաշտօնակիցը, որ օրուան տեւողութեան կը հիւրընկալուի պետական աւագանիէն յառաջատար դէմքերու կողմէ։ Սեպաստիան Լըքորնիւի այցելութեան զուգահեռ, Ֆրանսայի կողմէ Հայաստանի համար նախատեսուած պաշտպանական սպառազինութեան խմբաքանակն ալ Երեւան հասած է։ Ֆրանսացի նախարարին ընկերակից պատուիրակութեան մաս կը կազմեն նաեւ այդ երկրի պաշտպանական ոլորտի արտադրութեան հիմնական ընկերութիւններու ներկայացուցիչները։

Բաց աստի, տարածաշրջանի վերաբերեալ իրադարձութիւնները ուշադրութեան առարկայ են բոլոր հարթութիւններու վրայ ու կը մնան շահագրգիռ բոլոր դերակատարներու հետաքրքրութեան կիզակէտին։ Այսպէս, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Ռիօ տէ Ժանէյրոյի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Անոնք կը մասնակցին Մեծն քսանեակի (G20) անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքին։ Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու, ի թիւս այլ հարցերու, Ֆիտան եւ Լաւրով անդրադարձան նաեւ Հարաւային Կովկասի կացութեան։

Միւս կողմէ, Հարաւային Կովկասի գծով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչը երէկ Պաքուի մէջ ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի կողմէ։ Զրոյցի ընթացքին կողմերը կանգ առին Երեւան-Պաքու հաշտութեան գործընթացին վրայ։

Պաքուի ղեկավարութիւնը վերջին օրերուն հերթական անգամ անհանգստութիւն յայտնեց նաեւ Փարիզի դիրքորոշումներուն դէմ։ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ միակողմանի ու հայամէտ նկատեց՝ նախօրէին Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները, որոնք հնչեցին Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպման առթիւ։

Ուրբաթ, Փետրուար 23, 2024