Չորեքշաբթի 27, Նոյեմբեր 2024
ՔՈՒԷՅԹԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ
Քուէյթի Վարչապետ Շէյխ Ճապէր Էլ Մուպարէք Էլ Համիտ Էլ Սապահ կը պատրաստուի այցելել Երեւան։ Ան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Քուէյթի մօտ Հայաստանի դեսպան Ֆատէյ Չարչօղլեանի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, դեսպանը փոխանցեց Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի այցելութեան հրաւէրը։ Իր հերթին, Քուէյթի վարչապետը յայտնեց, որ յառաջիկային անպայման Հայաստան այցելելու պատրաստակամութիւն ունի։
Ինչպէս ծանօթ է, Յովիկ Աբրահամեան ներկայ ամսուան առաջին կէսին այցելութիւն մը տուած էր Քուէյթ, ուր ունեցած էր բարձր մակարդակի շփումներ։
Երկուշաբթի, Մարտ 23, 2015