ԱՊՐԻԼԻ 23-Ի ՄԱՆԿԱՆՑ ՏՕՆԸ ՄԵԾ ԽԱՆԴԱՎԱՌՈՒԹԵԱՄԲ ԿԸ ՆՇՈՒԻ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ

Ապ­րիլ 23-ի Ազ­գա­յին գե­րա­կա­յու­թեան եւ ման­կանց տօ­նին առ­թիւ այ­սօր մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն կ՚ապ­րուի բո­վան­դակ Թուր­քիոյ մէջ։ 0րուան տօ­նին ա­ռըն­թեր, այ­սօր կը նշուի նաեւ Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վի հիմ­նադ­րու­թեան 95-րդ տա­րե­դար­ձը։

Ինչ­պէս ա­մէն տա­րի, այս տա­րի եւս յա­տուկ մթնո­լոր­տի մը մէջ կը նշուի Ապ­րիլի 23-ը։ Բո­լոր ազ­գա­յին տօ­նե­րուն նման, այս ան­գամ եւս ժո­ղո­վուր­դը ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ կ՚ո­գե­կո­չէ Հան­րա­պե­տու­թեան Մե­ծա­նուն Հիմ­նա­դիր Մուս­թա­ֆա Քե­մալ Ա­թա­թիւր­քը։ Եր­կի­րը կը վե­րա­նո­րո­գէ նաեւ իր գի­տակ­ցու­թիւ­նը՝ Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թեան ա­նան­ջա­տե­լի ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան, ազ­գա­յին միաս­նա­կա­նու­թեան, աշ­խար­հա­վար ու ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան հա­մա­կար­գի պահ­պան­ման ուղ­ղու­թեամբ։ 0րուան տօ­նին առ­թիւ պե­տա­կան ա­ւա­գա­նին ալ հրա­պա­րա­կած է շնոր­հա­ւո­րա­կան պատ­գամ­ներ՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի։

Թէեւ խորհր­դա­րա­նը մօ­տա­լուտ ընտ­րու­թիւն­նե­րուն բե­րու­մով կը գտնուի ար­ձա­կուր­դի մէջ, սա­կայն այ­սօր այդ ար­ձա­կուր­դը կ՚ընդ­մի­ջուի՝ Ապ­րի­լի 23-ի տօ­նին առ­թիւ նա­խա­տե­սուած յա­տուկ նիս­տին բե­րու­մով։ 

Հինգշաբթի, Ապրիլ 23, 2015