Ի ՅԻՇԱՏԱԿ
Վերջին տարիներուն ձեւաւորուած նախընթացներով, այս տարի եւս Իսթանպուլի մէջ ոգեկոչման արարողութիւններ տեղի կ՚ունենան Ապրիլի 24-ին առթիւ։ Այս շրջագծով երէկ երեկոյեան յատկանշական ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Իսթանպուլի Համագումարներու կեդրոնին մէջ, Հարպիէ։ «Անատոլու քիւլթիւր»ի եւ «Քալան միւզիք»ի կողմէ կազմակերպուած փառաշուք ձեռնարկ մըն էր այս մէկը եւ պէտք է ըսել, որ ցարդ Իսթանպուլի մէջ կազմակերպուած ոգեկոչումներուն գագաթնակէտը կրնար համարուիլ՝ մասնակցութեան եւ որակի իմաստով։
1915 թուականին դէպի մահ ուղարկուած հայ մտաւորականներուն յիշատակին ձօնուած այս համերգը խոր տպաւորութիւն գործեց բոլոր մասնակիցներուն վրայ։ Յայտագրին մէջ հանդէս եկան բազմաթիւ յայտնի մենակատարներ եւ խումբեր. ինչպէս՝ «Քարտէշ թիւրքիւլէր», Յասմիկ Յարութիւնեան եւ Կարինէ Յովհաննիսեան, Էրքան Օղուր, Էրթան Թեքին, Արի Հէրկէլ, Արա Տինքճեան եւ Օննիկ Տինքճեան, Հայկ Եազըճեան, Շահան Արծրունի, Էրման Իմայհան, Էլիըն Խաչատուրեան, Ճորտի Սաւալ եւ Տէյվիտ Մայորալ, Գագիկ Մուրատեան, Հայկ Սարըգույումճեան եւ այլք։
Յայտագրի ընթացքին ընթերցուեցան 1915-ին նահատակուած մտաւորականներէն Դանիէլ Վարուժանի, Տիգրան Չէօկիւրեանի, Գեղամ Բարսեղեանի, Սմբատ Բիւրատի, Սիամանթոյի եւ Բարսեղ Շահպազի գործերը։ Ընթերցումները կատարեցին՝ Արսինէ Խանճեան, Պօղոս Չալկըճըօղլու, Գարին Գարագաշլը, Սեդա Բիւրատ, Ժերար Մալխասեան եւ Գարօլին Մամիկոնեան։
Յայտնի մտաւորական եւ հասարակական գործիչ Զիւլֆիւ Լիվանելիի ձեռամբ յուշանուէրներ յանձնուեցան նահատակ մտաւորականներու շառաւիղներէն Ռեհան Սարըպայի (Ռուբէն Սեւակ), Սերովբէ Չուպուքէրեանի (Դանիէլ Վարուժան) եւ Սեդա Բիւրատի (Սմբատ Բիւրատ)։
Երեկոյթի մասնակիցներու շարքին էին հոգեւոր առաջնորդներ, դիւանագէտներ, քաղաքական գործիչներ, մտաւորականներ, հասարակական գործիչներ, արուեստագէտներ, մամլոյ սպասաւորներ, կրթական մշակներ եւ հայ-թրքական երկխօսութեան հետամուտ շրջանակներէն բազմաթիւ դէմքեր, որոնց միացած էին նաեւ Իսթանպուլի ոգեկոչումներուն մասնակից սփիւռքահայեր։