ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎ
Ապրիլի 24-ին ընդառաջ Թուրքիա կը շարունակէ անմիջական ուշադրութեամբ հետեւիլ միջազգային թատերաբեմի բոլոր զարգացումներուն եւ զուգահեռաբար կեանքի կը կոչէ իր մշակած ծրագիրը։ Այսօր երեկոյեան Իսթանպուլի մէջ կը բացուի Խաղաղութեան գագաթաժողովը, որու տանտէրն է Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան։ Աշխարհի բազմաթիւ երկիրներէն պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ կը գումարուի Խաղաղութեան գագաթաժողովը, որուն ընդառաջ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան եւ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու երէկ շարունակեցին պատգամներ փոխանցել խիստ ոճով։ Ընդհանուր առմամբ տպաւորութիւնը այն է, որ վաղուան ոգեկոչումներուն ընդառաջ Անգարայի թիրախը դարձած են Երեւանի արարողութիւնները։ Այս կապակցութեամբ Էրտողան երէկ յայտնեց. «Իրենք պիտի նուագեն, իրենք ալ պիտի խաղան»։
Նախագահական պալատին մէջ երէկ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Էրտողան դիտել տուաւ, թէ Թուրքիոյ օրակարգին վրայ կը գտնուի համաշխարհային խաղաղութիւնը։ «Ի՞նչ պիտի ընեն 24-ին, Հայաստանի մէջ պիտի մէկտեղուին, իրենք պիտի նուագեն, իրենք ալ պիտի լսեն։ Պիտի խօսին, Թուրքիոյ դէմ անարգանքներ պիտի կատարեն։ Ապրիլի 24-ին մենք ալ պիտի խմբուինք Չանաքքալէի մէջ, սակայն մեր օրակարգին վրայ Հայաստանը չկայ։ Մենք պիտի խօսինք համաշխարհային խաղաղութեան մասին, սա է մեր տարբերութիւնը», շարունակեց Էրտողան։
Էրտողան հակազդեց նաեւ այն պնդումներուն դէմ, ըստ որոնց Չանաքքալէի արարողութիւնները իբրեւ թէ կը կատարուին որպէս փոխադարձութիւն։ «Մենք նման հարց մը չունինք, նման մտահոգութիւն մըն ալ չունինք։ Այնտեղ ինչ որ ալ խօսին թող խօսին, Ապրիլի 24-ին Թուրքիոյ մէջ համախմբուելիք շուրջ հարիւր պետական ղեկավարները, վարչապետները, նախարարները, դեսպանները յստակ պիտի տեսնեն, թէ այնտեղ ի՛նչ կը կատարուի», աւելցուց նախագահը։
Միեւնոյն ժամանակ Էրտողան ընդգծեց, թէ քանիցս յայտնած է, որ Թուրքիա պատրաստ է բանալու իր արխիւները՝ 1915 թուականի դէպքերուն շուրջ։ «Եւրոմիութիւնը ոչ թէ կու գայ մեր ետեւէն, այլ մեզի կը հետեւի բաւական հեռուէն։ Իրենց վերջին յայտարարութեան մէջ կը խօսուի արխիւներու բացման մասին։ Ես տասներկու տարիէ ի վեր կ՚ըսեմ, թէ միշտ պատրաստ ենք այդ արխիւները բանալու։ Ասոնք կա՛մ ականջ ունին ու չեն լսեր եւ կամ ուրիշ բաներով զբաղած են։ Մենք պատրաստ ենք մեր արխիւները բանալու, եթէ Հայաստանն ալ ունի, թող բանայ արխիւները», մատնանշեց նախագահը։ Այս կապակցութեամբ ան կրկնեց, թէ երրորդ երկիրներն ալ պէտք է բանան իրենց արխիւները։ Պատմաբանները պէտք է աշխատին, աւելի վերջ այդ բոլորը պէտք է դրուին իրենց առջեւը։ Այդ փուլէն յետոյ, ըստ Էրտողանի, պատրաստ պիտի ըլլան անհրաժեշտ որոշումը տալու։
«Նայեցէ՛ք, մեր երկրին մէջ շուրջ 100 հազար հայ կայ, շուրջ կէսը մեր հայրենակիցն է։ Ասոնք միթէ իրաւունք ունի՞ն այս մարդոց անհանգստութիւն պատճառելու։ Կ՚անհանգստացնեն զանոնք։ Նայեցէ՛ք, միշտ կ՚ըսեմ, Վանի Աղթամար կղզին եւ այնտեղի եկեղեցին, վարչապետութեանս շրջանին վերանորոգումը կատարելով այդ տեղը տարուան որոշ շրջաններուն բացինք պաշտամունքի ու կարելի է այնտեղ երթալ պաշտամունք կատարել։ Արդեօք Հայաստանի մէջ նման մօտեցում մը գոյութիւն ունի՞։ Ո՛չ։ Մենք այս բոլորը կը կատարենք։ Սա կը նշանակէ, որ ոեւէ մէկը խաղաղութիւն որոնելու ջանքին մէջ չէ», ըսաւ Էրտողան։
Աւելի վերջ նախագահը անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի խնդրին։ Իր խօսքերով, միջազգային հաստատութիւնները թէեւ արդար կը նկատեն Ատրպէյճանը, սակայն տակաւին Նախիջեւանի եւ Ղարաբաղի շրջաններուն մէջ խնդիրները չեն կարգաւորուած։ «Եւ Ղարաբաղի առկայ այս խնդիրները կարելի չ՚ըլլար լուծել։ Ուր որ է քսաներեք տարի եղաւ։ Այստեղ երեք միջնորդ երկիր կայ. Ամերիկա, Ռուսաստան, Ֆրանսա։ Հարցը տակաւին չէ լուծուած։ Ի մի կը հաւաքուին, կը խօսին, սակայն այնտեղի դժուարութիւնը կը շարունակուի։ Աշխարհ կը շարունակէ այսպիսի տարօրինակութեան մը վրայ։ Հիմա 24-ին ի՞նչ պիտի ընեն։ Հայաստանի մէջ ի մի պիտի գան, իրենք պիտի նուագեն, իրենք ալ պիտի լսեն», շարունակեց Էրտողան։
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուն ալ երէկ շարունակեց անդրադառնալ հայկական հարցին։ Ան յիշեցուց նախապէս իր կատարած յայտարարութիւններէն մին, ըստ որու տեղահանութիւնը մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն մըն է։ «Հայերը մեզի հետ միասին պատմութիւն մը կերտեցին։ Մօտաւորապէս տասը դար հայերն ու թուրքերը չեն պատերազմած։ Թուրքերու եւ հայերու յարաբերութիւնը արիւնալի պատմութեան մը յարաբերութիւնը չէ», մատնանշեց Տավուտօղլու։
Միւս կողմէ, Անգարայի ղեկավարութիւնը երէկ բուռն հակազդեցութիւն ցոյց տուաւ Աւստրիոյ դէմ, որ պաշտօնապէս 1915 թուականի դէպքերը ճանչցաւ որպէս ցեղասպանութիւն։ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացուց, թէ Աւստրիոյ խորհրդարանի որոշումը կը նշանակէ իրաւունքի դէմ ոճիր։ Թուրքիա խորհրդակցութիւններու համար ետ հրաւիրած է նաեւ Վիեննայի մօտ իր դեսպանը՝ Հասան Կէօյիւշը։
Բաց աստի, թրքական կողմը ուշադրութեամբ կը հետեւի նաեւ վաղը Գերմանիոյ խորհրդարանէն ներս նախատեսուած հայկական հարցին վերաբերեալ քննարկման նախորդած իրադարձութիւններուն։ Ծանօթ է, որ Գերմանիայէն վերջին օրերուն լուրջ ազդանշաններ գալ սկսած են այն մասին, թէ 1915 թուականին ապրուածներուն պէտք է տրուի ցեղասպանութեան որակումը։ Այս կապակցութեամբ Տավուտօղլու երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ։ Իսկ գերմանական կարգ մը լրատուամիջոցներ այս առընչութեամբ ընդգծեցին, թէ թրքական կողմը կը ջանայ միջամտել Գերմանիոյ ներքին գործերուն։